Իսլամապատ. «Փաքիստանի Վարչապետը Չինաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Եւ Իրանի Պատերազմին Վերջ Տալու Միացեալ Նախաձեռնութիւն Մը Պիտի Քննարկէ»

Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թահեր Անտրապի յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ խաղաղութիւնը «Փաքիստանի համար կարեւորութիւն ներկայացնող հարց է»:

Ան նշեց, որ ատիկա կ՛արտացոլայ վարչապետի ղեկավարութեամբ Իսլամապատի թափած ամբողջ ջանքին մէջ:

Անտրապի ըսաւ, որ Չինաստան կը զօրակցի փաքիստանեան միջնորդական ջանքերուն եւ Փաքիստանի հետ 5 կէտերէ բաղկացած նախաձեռնութիւն մը պատրաստած է:

Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը աւելցուց, որ իր երկրին վարչապետը այսօր Չինաստան իր այցելութեան ընթացքին պատերազմին վերջ տալու միացեալ նախաձեռնութիւն մը պիտի քննարկէ:

Անտրապի ըսաւ, որ Իսլամապատ փաքիստանցի ոեւէ պաշտօնատարի Իրան որեւէ այցելութենէ տեղեակ չէ` շեշտելով, որ իր երկրին իբրեւ «միջնորդ պետութիւն» որեւէ մանրամասնութիւն չբացայայտելու վերաբերեալ դիրքորոշումը յստակ է:

Ան նաեւ նշեց, որ Փաքիստան ամերիկեան ուժերու կողմէ իր հողերու կամ օդային տարածքի օգտագործումը արտօնելու վերաբերեալ որեւէ դիմում չէ ստացած:

Յիշեցնենք, որ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը չորեքշաբթի օր յայտարարեց, թէ Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շարիֆ այսօր պիտի ձեռնարկէ Չինաստան այցելութեան մը, որ կ՛աւարտի երեքշաբթի օր:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Կու Ճիաքուն պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք այցելութեան ընթացքին նաեւ իրանեան հարցը պիտի քննարկուի՞, յայտնած էր. «Չինաստան կը զօրակցի խաղաղութեան իրագործման եւ պատերազմին վերջ տալու համար Փաքիստանի արդար ու հաւասարակշռուած միջնորդութեան»:

Փաքիստանեան աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ գոյութիւն ունի այն մտավախութիւնը, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի համբերութիւնը կը սպառի:

Ան նշեց, որ աշխատանք կը տարուի ամերիկեան եւ իրանեան կողմերուն միջեւ նամակներու փոխանակման կշռոյթը արագացնելու:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ յայտարարեց, թէ Իրանի հետ բանակցութիւններուն մէջ «որոշ յառաջընթաց» գոյութիւն ունի:

Ռուպիօ ըսաւ, որ չի կարծեր, թէ որեւէ պետութիւն պիտի ընդունի Հորմուզի նեղուցէն անցնելու համար տուրք վճարել:

Ան նշեց, որ Հորմուզի նեղուցէն անցքի համար տուրք պարտադրելու Իրանի փորձը «շանթաժ մըն է, որ որեւէ պետութիւն պիտի չընդունի»:

Ռուպիօ աւելի ուշ ալ յայտարարեց. «Բոլորս կ՛ուզենք Իրանի հետ համաձայնութեան հասնիլ», սակայն աւելցուց. «Պէտք է այլընտրանքային ծրագիր մշակել, եթէ Թեհրան մերժէ Հորմուզի նեղուցը վերաբանալ»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը նշեց. «Փաքիստան տակաւին Իրանի հետ բանակցութիւններուն մէջ գլխաւոր կողմն է»:

Փաքիստանեան աղբիւր մը «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը իւրանիոմի եւ Հորմուզի նեղուցի թղթածրարներուն վերաբերեալ իրենց պահանջներուն նշաձողը բարձրացնելուն վրայ կը պնդեն:

Փաքիստանեան աղբիւրը ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը իւրանիոմի, Հորմուզի նեղուցի փակման ու նաւահանգիստներու շրջափակման վերաբերեալ իրենց բարձր նշաձողերուն գերին են:

Աղբիւրը նշեց, որ փաքիստանեան իշխանութիւնները տակաւին լաւատես են Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ անցումային փոխըմբռնման գոյացման նկատմամբ:

«Հատաս» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ փաքիստանեան միջնորդութեամբ հաւանական համաձայնութեան մը «վերջնական նախագիծ»-ը ստացած է:

Սէուտական պատկերասփիւռի կայանը աղբիւրներ մէջբերելով հաղորդեց, որ սպասուող համաձայնութիւնը կը պարունակէ «բոլոր ճակատներու վրայ կրակոցի անմիջական, ամբողջական եւ առանց նախապայմանի դադրեցում, զինուորական, քաղաքային կամ տնտեսական ենթակառոյցները չթիրախաւորելու փոխադարձ յանձնառութիւն, զինուորական գործողութիւններու դադրեցում, տեղեկատուական պատերազմի դադրեցում, շրջանային գերիշխանութեան ու անվտանգութեան յարգում, ներքին հարցերուն չմիջամտել, Արաբական ծոցի, Հորմուզի նեղուցի եւ Օմանի ծովուն մէջ նաւարկման ազատութեան երաշխաւորում, հակամարտութիւններու հսկողութեան ու կարգաւորման հասարակաց մեքանիզմի ստեղծում, եօթը օրէն առկախ հարցերու շուրջ բանակցութիւններու սկսիլ, Իրանի կողմէ համաձայնութեան կէտերու յարգումին դիմաց ամերիկեան պատժամիջոցներու աստիճանական վերացում, միջազգային օրէնքի եւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան յարգում»:

Համաձայնութիւնը ուժի մէջ պիտի մտնէ անմիջապէս, որ երկու երկիրներուն կողմէ պաշտօնապէս յայտարարուի:

Leave a Comment