Նախիջեւանի Մէջ «Վերադարձ Արեւմտեան Ազրպէյճան» Փառատօն-Խորհրդաժողով Տեղի Պիտի Ունենայ

Նախիջեւանի մէջ պիտի կազմակերպուի «Վերադարձ Արեւմտեան Ազրպէյճան» երրորդ փառատօն-խորհրդաժողովը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը նշէ, որ այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Ռիփորթ» կայքը:

Ազրպէյճանական կայքին համաձայն, փառատօն-խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ 18-19 յունիսին Օրտուպատի մէջ` Նախիջեւանի մէջ Ազրպէյճանի նախագահի ներկայացուցչութեան, գիտութեան եւ կրթութեան նախարարութեան, Նախիջեւանի պետական համալսարանի եւ «Արեւմտեան Ազրպէյճանի համայնք»-ի միացեալ կազմակերպութեամբ:

Խորհրդաժողովի ընթացքին կը նախատեսուին գիտնականներու, հետազօտողներու եւ հասարակական գործիչներու զեկուցումները «Արեւմտեան Ազրպէյճանի իրողութիւններու, պատմական ժառանգութեան եւ վերադարձի հեռանկարներու մասին»:

Փառատօնային մասին մէջ «պիտի ներկայացուին ազգային-մշակութային արժէքները, արուեստի ստեղծագործութիւնները, ինչպէս նաեւ պիտի կազմակերպուին միասնութեան ոգին արտացոլող շնորհահանդէսներ»:

Leave a Comment