Փաքիստանի Վարչապետը 23-էն 26 Մայիս Փեքին Կ՛այցելէ

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շարիֆ շաբաթ օր կը ձեռնարկէ Չինաստան այցելութեան մը, որ կ՛աւարտի երեքշաբթի օր:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Կու Ճիաքուն պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք այցելութեան ընթացքին նաեւ իրանեան հարցը պիտի քննարկուի՞, յայտնեց. «Չինաստան կը զօրակցի խաղաղութեան իրագործման եւ պատերազմին վերջ տալու համար Փաքիստանի արդար ու հաւասարակշռուած միջնորդութեան»:

Leave a Comment