Սլաք. Խրախճան՞ք, Թէ՞ Հոգեճաշ – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Շատ յաճախ կը մոռնանք: Հոգեճաշը հարսանիք չէ:

Բայց երբեմն, սեղանին նայելով, այն  տպաւորութիւնը կ՛ունենանք, թէ սխալ վայր մտած ենք:

Հոգեճաշը սկզբունքով յիշատակի, լռութեան ու աղօթքի պահ մըն է: Սակայն մեր իրականութեան  մէջ ան կամաց-կամաց կը վերածուի կերուխումի մրցաշարքի. ո՞վ աւելի լաւ ճաշատեսակ  սպասարկած է, ո՞վ աւելի առատ խմիչք մատուցած է, ո՞վ աւելի բարձր ձայնով կը ծիծաղի: Հանգուցեալը` անտեսուած, յիշատակը` սեղանի ծայրին, իսկ  կերուխումը եւ պոռչտուքը` կեդրոնական դերակատար:

Խօսակցութիւններն ալ կապ չունին կեանքէն մեկնած մարդուն հետ: Քաղաքականութիւն, շուկայի նիւթեր, ընտանեկան քինախնդրութիւններ, անգամ կատակներ` այն աստիճան բարձրաձայն, որ մարդ կը հարցնէ ինքնիրեն. «Սուգի՞ եկած ենք, թէ՞ խրախճանքի»: Մահը այդ սրահին մէջ ընդամէնը պատրուակ մըն է հաւաքուելու, ուտելու եւ մարսելու:

– Ձեր  սեղանի՞նն  ալ պաղ է մերինին պէս (խօսքը  մսաշոթին  մասին է):

– Տակէն վերցուցէք, տակէն, աւելի տաք կ՛ըլլայ:

– Թանը այսքան շուտ կը տաքնա՞յ  եղեր: Անցեալ շաբաթ տեղ մըն էինք, մեծ թենճերէյի (տաշտ) մէջ  պատրաստած էին, շատ  պաղ էր, մէջը սառ լեցուցած էին:

– Սա կանաչեղէնը քիչ մը  մեր կողմը  կը  մօտեցնէ՞ք, բան մը հասկնանք:

– Խմորը  հաստ է, հաստ, տեսնես` որո՞ւ փուռը  եփեր  են:

– Եղբա՛յր, այսպէս հոգեճա՞շ կ՛ըլլայ, միայն լեհմեճուն (մսաշոթ) եւ սո՞ւրճ, մարդ  պտուղ մը,  տեսերթ (քաղցրաւենիք) մը կը հիւրասիրէ…

– Վայելեր է հա՜:

– Ի՞նչը, մազերուս գոյ՞նը, ձե՞ւը:

– Ո՜չ, հագուստդ:

– Մազերս ինչպէ՞ս տեսար…

– Փըրֆեքթ (կատարեալ) ըսեմ, քիչ է…

– Տէր հայրին (հօր) քովը նստողը ո՞վ է:

– Չի գիտցա՞ր, զաւակներն են կարծեմ:  Իշտէ  եկեր են, վաղը ետ պիտի  երթան: Դրացիները կը նայէին խեղճին…

– Էրկիլէ (կլկլակ) չունի՞ այս  ճաշարանը:

–  Ունի, բայց  մեռնողին (հանգուցեալին) զաւակները արգիլեր  են:

– Քա՜, հե՛չ մի ըսեր» ժամանակ չունիմ մարդ տեսնելու, իշտէ ասանկ առիթներով միայն…

– Պատուհան մը բաց ձգեն գոնէ, սա սիկառներուն հոտը դուրս քաշեր եա… զզուեցանք… խեղդուեցանք:

– Սա  շիշը քիչ մը մեր քովը բերէք, բան մը  հասկնանք: Բաժակաճառ  մըն ալ մենք կ՛ընենք…

Ոմանք տարօրինակօրէն վիրաւորուած  կը զգան, եթէ սեղանը «բաւարար հարուստ» չըլլայ : Կարծես հոգեճաշը ցուցադրութեան արարողակարգ մը ըլլար: Ոմանք ալ` «Ուտենք, խմենք, մենք մեր ճամբով, հանգուցեալը` իր:  Մահացողը ա՛լ չի տեսներ», կ՛ըսեն…

Այո՛, բայց ապրողը կը տեսնէ: Եւ ամէնէն առաջ` մարդկային խիղճը:

Հոգեճաշը խրախճանքի վերածելը ոչ միայն անճաշակութիւն է, այլ նաեւ` մշակութային աղքատութիւն: Երբ յիշատակը կը խեղդուի դգալներու ձայնին տակ, կ՛անտեսենք հանգուցեալին յիշատակը, անոր արժէքը, յարգանքի եւ լռութեան իմաստը:

Հաւանաբար ժամանակն է հարցնելու` հաւաքուած ենք աղօթելու՞, թէ՞ ախորժակները յագեցնելու: Յիշելո՞ւ, թէ՞ մոռնալու:

Մեր օրերուն հոգեճաշը սուգի արարողութիւն չէ այլեւս. ան լիարժէք խրախճանքի վերածուած է  բացարձակօրէն: Միայն երաժշտութիւնը կը պակսի, թէեւ որոշ վայրերու եւ սեղաններու շուրջ այդ ալ կ՛երեւի…

Սեղանները ծանրաբեռնուած են այնպիսի ճաշատեսակներով, որ հանգուցեալը, եթէ յանկարծ վերադառնար, պիտի մտածէր` մրցոյթ կազմակերպուած է իր մահուան համար: Բաժակները կը լեցուին ու կը դատարկուին այնպիսի եռանդով, կարծէք յիշատակը  պիտի չափուի խմուած բաժակներու քանակով: Ոմանք քանի մը բաժակ ետք կը սկսին բարձրաձայն «զուարճալի դէպքեր» պատմել` մոռնալով, որ  ներկայացում չէ սուգը:

Հանգուցեալին անունը կը յիշուի միայն այն պահուն, երբ մէկը հարցնէ. «Բայց ո՞վ էր այս մարդը»: Եւ արագ կ՛անցնին վերադառնալու հիմնական օրակարգին` ո՞ր ուտեստը աւելի համեղ է, ո՞վ քիչ մատուցած է, ո՞վ խնայած է:

Ծիծաղելի իրողութիւն մը եւս` հոգեճաշի «յարգանքը» կը կշռուի սեղանի հարստութեամբ: Եթէ ճաշերը  քիչ են` անյարգալից: Եթէ խմիչքը սահմանափակ է` ամօթ: Բայց եթէ յիշատակը բացակայ է, ոչ ոք կը դժգոհի:

Այսպէս, հոգեճաշը կը դադրի հոգի ունենալէ: Կը մնայ ճաշը:

Գէթ ճիշդ այդ պահուն պէտք է անկեղծ ըլլալ ու ըսել` մենք կերուխումի եկած ենք, ոչ` սգալու:

Երբ սուգը կը դառնայ ճաշացանկ, իսկ յիշատակը` կողմնակի կերուխում:

Հարցումը պարզ է` խրախճա՞նք է, թէ՞ հոգեճաշ:

Եւ այսպէս, եկան, լաւ ախորժակով կերան, բաժակներ բարձրացուցին, յիշատակին համար քանի մը խօսք ալ ըսին, ոմանք աւելի երկար, քան հանգուցեալը կեանքի ընթացքին երբեւէ լսած էր իրենցմէ:

Եւ այսպէս, խմեցին:

Լուսանկարուեցան:

Մէկը միւսին հեռաձայնի թիւը «կրկին առնելու» խոստում տուաւ:

Ապա բաժնուեցան:

Աստուած գիտէ` այս սեղաններուն շուրջ հաւաքուածներէն ոմանք անգամ մը եւս պիտի տեսնուի՞ն, ոմանք պիտի յիշե՞ն իրարու գոյութիւնը` մինչեւ յաջորդ հոգեճաշը:

Ճշմարտութիւնը անշուք ու լուռ կը մնայ սեղանին վրայ մոռցուած անձեռոցի նման:

Հոգեճաշի եկողներուն մէկ կարեւոր մասը, անկեղծ խօսքով, անհամեմատ աւելի օգտակար գործ մը կրնար ըրած ըլլալ, եթէ հանգուցեալին ողջ եղած օրերուն գոնէ մէկ անգամ հիւանդտեսի այցելութիւն մը տար:

Մահացողը կը հաւաքէ:

Հանգուցեալը երեւի ծիծաղելով պիտի  արդարացնէր. «Բնական է, այս մարդիկը եկան, կերան, խմեցին, զուարճացան… Իրենց համար ժամանակը սուղ  էր: Ե՞րբ պիտի յիշէին  հաւաքին առիթը….»:

Կը յիշեմ, ժամանակին նման առիթներով`  հանգուցեալի յիշատակին նուիրատուութիւն կը կատարէին` Ազգ. ծերանոցին, բարեսիրական կազմակերպութիւններու, չքաւոր սաներու  ֆոնտերուն եւ հայրենակցական միութիւններու… Օրեր էին…

Մտքերս թուղթին յանձնելու միջոցին վաղեմի   բարեկամ մը այցելեց գրասենեակս: Նկատեց, որ  թուղթեր կը մրոտեմ, հարցուց: Յայտնեցի  յօդուածիս նպատակը: Զիս լսելէ ետք բարեկամս  զարհուրելի բան մը պատմեց:

Միացեալ Նահանգներ գտնուած շրջանին բարեկամներէն մէկը կը խնդրէ, որ ներկայ գտնուի իր մեծ մօր յուղարկաւորութեան: Ճշդուած օրը բարեկամս արարողութեան վայրը կը ներկայանայ:

Ցաւակցութիւնները ընդունելէ առաջ  հանգուցեալին թոռնիկը ներկաներէն կը խնդրէ,  փոխան ծաղկեպսակի, նուիրատուութիւնները կատարել շուներու (այսինչ) հիւանդանոցին, որովհետեւ մեծ մայրիկին շունը հինգ տարի առաջ կոկորդի քաղցկեղ ունեցած էր եւ այս հիւանդանոցին մէջ (այսինչ) բժիշկին խնամոտ ձեռքերով բուժուած էր…

Բարեկամս ըսաւ, որ հազիւ մեռելատունէն դուրս ելած կը մտածէր, թէ ի՜նչ աղուոր կ’ըլլար, եթէ առողջացած շնիկը մեռելատուն բերած ըլլային եւ առողջացած կոկորդով մէկ հատ զրնգուն «հաո՜ւ, հաո՜ւ» հաջոց մը փրցնէր…

Լսեցի բարեկամս… Մահուան լռութիւնը փոխարինուած է կազմակերպչական յայտարարութեամբ մը, ուր մեծ մայրիկին կեանքին ամբողջ խորհուրդը, յիշատակները, սէրը, տառապանքը, մայրական զոհողութիւնները խտացած են… շան մը բժշկական պատմութեան մէջ:

Պահ մը մտածեցի` արդեօք մեծ մայրիկը իր կեանքի տասնամեակները այս եզրակացութեան համա՞ր ապրած էր: Զաւակներ մեծցուց, թոռներ օրօրեց, սեղաններ բացաւ, աղօթքներ մրմնջեց, որպէսզի իր վերջին յիշատակը հրաւիրատոմսի նման ուղղուի անասնաբուժական հաստատութեան մը հաշուին:

Ժամանակները փոխուած են, կ՛ըսեն: Այո՛, փոխուած են: Մարդկային արժէքներու սանդղակը նոր դասաւորում ունի. մարդը` զգացական, շունը` առաջնահերթ:

 

 

Leave a Comment