Օվերչուք. «Ասթանայի Մէջ Պիտի Քննարկուի ԵԱՏՄ-ի Մէջ Հայաստանի Կարգավիճակը»

«29 մայիսին, Ասթանայի մէջ կայանալիք ԵԱՏՄ վեհաժողովի ընթացքին պիտի քննարկուի այդ կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի կարգավիճակի հարցը», ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին երէկ յայտարարած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք:

«Ատիկա շատ բարդ հարց է: Մենք չենք ուզեր, որ Հայաստան ԵԱՏՄ-ն լքէ, սակայն նաեւ կը տեսնենք այն խնդիրները, որոնք պիտի ծագին Եւրոպական Միութեան միանալու կամ այդ դաշինքին հետ յարաբերութիւնները սերտացնելու պարագային», նշած է Օվերչուք` յայտարարելով, թէ այդ խնդիրները «գործնականին մէջ արդէն իսկ կը ծագին»:

«Եթէ ընտրութիւնը կը կատարուի յօգուտ Եւրոպական Միութեան, մեր մօտ հարցեր կը ծագին: Նախ եւ առաջ` ինչո՞ւ մենք պէտք է այդ ընտրութեան աջակցինք մեր պիւտճէին հաշուոյն: Եթէ Հայաստան պիտի միանայ Ռուսիոյ հանդէպ ոչ բարեկամաբար տրամադրուած պետութիւններուն, ինչո՞ւ մենք ատիկա պէտք է պաշտպանենք», նշած է Օվերչուք:

Ռուսիոյ փոխվարչապետին համաձայն, հայկական կողմը կը յայտարարէ, թէ «անոնք կ՛անցնին Եւրոպական Միութեան արժեչափերուն, սակայն կը շարունակեն օգտուիլ այն արտօնութիւններէն, զորս ԵԱՏՄ-ն կը տրամադրէ: Լաւ կ՛ըլլար, որ Հայաստանը արագօրէն կողմնորոշուէր, որովհետեւ ատիկա ազնիւ մօտեցում պիտի ըլլայ թէ ԵԱՏՄ-ի մէջ Հայաստանի դաշնակիցներուն, թէ ինքնին իր` Հայաստանի հանդէպ», նշած է Օվերչուք:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին վերջերս Հայաստանի իշխանութիւնները յորդորած էր կողմնորոշուելու` նշելով, որ եթէ Երեւան շուտ որոշում տայ, Մոսկուայի հետ ապահարզանը «քաղաքակիրթ պիտի ըլլայ»:

 

Leave a Comment