Երէկ «Հայաստան» դաշինքի խումբը, Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորութեամբ, Քասախ, Պռօշեան եւ Եղվարդ բնակավայրերուն մէջ շարունակեց իր նախընտրական քարոզարշաւը:
«Մեր պետականութիւնը, որ արեան գնով ձեռք բերուած է, կը տանին կործանման: Օգնեցէ՛ք ազատելու այս չարիքէն», երէկ Նաիրի խոշորացուած համայնքի Քասախ գիւղին մէջ բնակիչներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, պատգամաւոր, «Հայաստան» դաշինքի անդամ Իշխան Սաղաթէլեան:
Իր կարգին, Ռոպերթ Քոչարեան խօսք առնելով ըսաւ. «Հայաստանը այն եզակի երկիրներէն մէկն է, ուր կառավարութիւնը ոչ թէ լաւագոյն չափանիշերուն կը փորձէ ձգտիլ, այլ ինք կը ներդնէ վատագոյն չափանիշերը` կեղծ նորութիւններ, մարդոց հայհոյել, սպառնալ»:
Ան նշեց, որ Նիկոլ Փաշինեանը «2-3 օր առաջ սպառնաց, որ պիտի սպաննէ ինծի ու եւս երկու ընդդիմադիր ուժերու առաջնորդներու»:
«Օր առաջ պէտք է ազատիլ այս կառավարութենէն, որ այսպիսի բարքեր կը հաստատէ Հայաստանի մէջ, անընդունելի է այս ամէնը: Մեր մօտեցումներով, ձայներով յունիսի 7-ին պէտք է վերջ տանք այս բոլորին», ըսաւ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան: