Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երեքշաբթի երեկոյեան պաշտօնական այցելութեամբ հասաւ Փեքին: Ան երէկ յայտարարեց, որ Ռուսիան պատրաստ է գործընկերներու, ներառեալ Միացեալ Նահանգներու հետ գործակցելու:
Նեղ ձեւաչափով հանդիպումէն ետք Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկի հետ Փութինի բանակցութիւնները շարունակուեցան ընդլայնուած կազմով. անոնց միացաւ պատուիրակութիւններու հիմնական մասը:
Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկ Փեքինի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ բանակցութիւններէն ետք յայտարարեց, որ անոր հետ ստորագրած է «երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններն ու բարեկամութիւնը խորացնելու միացեալ յայտարարութիւն մը»:
«Ռուսիոյ նախագահին հետ խոր եւ արդիւնաւէտ քննարկումներ ունեցայ, եւ շարք մը հարցերու շուրջ ռազմավարական երկխօսութիւն կատարեցինք», ըսաւ ան:
«Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները կը բարձրացնենք նոր մակարդակի, եւ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութիւնը միջազգային արդարութեան կը ծառայէ», աւելցուց Չինաստանի նախագահը:
«Փոխադարձ վստահութիւնը չին-ռուսական յարաբերութիւններու կարեւորագոյն յատկանիշն է», ընդգծեց ան:
«Աւելի արդար ու իմաստուն համաշխարհային համակարգի կը ձգտինք», ըսաւ Շի:
«Աշխարհը այսօր անապահով է, եւ տիրակալութեան միակողմանի փորձեր գոյութիւն ունին», յայտնեց Չինաստանի նախագահը:
Ռուսիոյ նախագահը իր կարգին յայտնեց. «Չին-ռուսական յարաբերութիւնները հասան աննախադէպ մակարդակի եւ անոնք կը շարունակեն աճիլ»:
«Չինաստանն ու Ռուսիան ազդու կերպով կը գործակցին ուժանիւթի ոլորտին մէջ, մենք կը շարունակենք Չինաստանին ուժանիւթ տրամադրել եւ պատրաստ ենք հաստատ կերպով ու առանց ընդհատումի չինական շուկայ ուժանիւթ արտածելու», ըսաւ Փութին:
Ռուսիոյ նախագահը նաեւ նշեց, որ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի միջեւ առեւտրական գործառնութիւններու մեծամասնութիւնը ռուբլիով եւ եուանով կը կատարուի:
Չին–Ռուսական Միացեալ Հաղորդագրութիւնը
Ռուսիոյ եւ Չինաստանի իշխանութիւնները երկու նախագահներուն Փեքինի մէջ ունեցած վեհաժողովէն ետք հրապարակեցին միացեալ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտեցին. «Մոսկուայի եւ Փեքինի միջեւ յարաբերութիւնները պլոք չի ներկայացներ, դիմակայման բնոյթ չի կրեր եւ որեւէ այլ պետութեան դէմ ուղղուած չէ»:
«Մեր յարաբերութիւնները կը նպաստեն բազմաբեւեռ, արդար եւ հաւասար աշխարհակարգի ամրապնդման», ըսին անոնք:
«Իրանի դէմ ամերիկեան-իսրայէլեան հարուածները միջազգային օրէնքի խախտում են եւ կ՛ականահարեն Միջին Արեւելքի մէջ կայունութիւնը: Միջին Արեւելքի մէջ հակամարտող կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք բանակցելու», շեշտեց հաղորդագրութիւնը:
«Աշխարհի վրայ առաջին կարգի պետութիւններ կամ ժողովուրդներ չկան, եւ տիրակալութիւնը բացարձակապէս անընդունելի է», նշեցին Ռուսիան եւ Չինաստանը:
«Կը մերժենք մարդու իրաւունքները ներքին հարցերուն միջամտութեան իբրեւ պատրուակ օգտագործելը», ըսին անոնք:
Երկու կողմերը նաեւ կոչ ուղղեցին Կազայի մէջ տեւական զինադադար հաստատելու:
«Ոսկեայ գմբէթ ամերիկեան ծրագիրը միջազգային անվտանգութեան վրայ ժխտական ազդեցութիւն ունի», շեշտեցին Ռուսիան ու Չինաստանը` աւելցնելով. «Պիտի շարունակենք տարբեր մարտահրաւէրներուն եւ սպառնալիքներուն դէմ դնել»:
Երկու կողմերը ցաւ յայտնեցին, որ «հիւլէական զէնքերու նոր ՍԹԱՐԹ համաձայնագիրի աւարտէն ետք, ամերիկեան քաղաքականութիւնը չարտօնեց համաձայնագիրի ժառանգութիւնը պահպանել»:
Քրեմլին Նոյեմբերին Չինաստանի Մէջ Փութին–Թրամփ Հանդիպում Մը Չի Բացառեր
Քրեմլին յայտարարեց, որ Ռուսիան եւ Չինաստանը կազի «Սիպերիոյ ուժ 2» խողովակաշարի ծրագիրի գլխաւոր արժեչափերուն շուրջ փոխըմբռնման հասած են:
Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով երէկ յայտարարեց, թէ Մոսկուան չի բացառեր նոյեմբերին Չինաստանի մէջ Ասիա-խաղաղովկիանոսեան տնտեսական համագործակցութեան վեհաժողովի ծիրին մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հանդիպումը: