Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Իրանի մէջ հոյակապ աշխատանք կատարեցինք, եւ անոնք պիտի չկարենան հիւլէական զէնք ձեռք ձգել»:
«Իրանի դէմ պատերազմը շատ արագ պիտի աւարտենք, եւ իրանցիները շատ կ՛ուզեն գործարք կնքել», նշեց Թրամփ:
«Իրանցիները ձանձրացան հակամարտութենէն, եւ կը յուսանք պատերազմին արագ կարգաւորման հասնիլ եւ զայն աւարտել ազնիւ կերպով», աւելցուց Սպիտակ տան ղեկավարը:
«Քարիւղի գիները շուտով մեծապէս պիտի նուազին, որովհետեւ մատակարարման արատութիւնը գիները նահանջի պիտի մղէ», ըսաւ ան:
«Հիւլէական զէնքը իրանցիներուն մտածողութեան կը տիրէ, սակայն անոնց բացարձակապէս պիտի չարտօնենք զայն ունենալ», նշեց Թրամփ:
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի.Վանս իր կարգին յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը բանակցութիւններուն մէջ մեծ յառաջընթաց արձանագրած են, եւ երկու կողմերն ալ զինուորական արշաւի վերսկսումը չեն ուզեր:
Վանս Սպիտակ տան մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Կը կարծենք, որ մեծ յառաջընթաց արձանագրեցինք, եւ կը կարծենք, որ իրանցիները կ՛ուզեն համաձայնութեան հասնիլ»:
«Նախագահ Տանըլտ Թրամփ ինծի ըսաւ, որ մենք զինուորական ընտրանքին ամբողջովին պատրաստ ենք, սակայն այդ ուղին չենք ուզեր», աւելցուց ան:
Վանս նշեց. «Իրան պառակտումներէ կը տառապի, եւ չեմ կարծեր, որ իրանցիները խանդավառ պիտի ըլլան իրենց մօտ գտնուող հարստացուած իւրանիոմը Ամերիկա կամ Ռուսիա տեղափոխելու: Մեր ծրագիրը իրանեան հարստացուած իւրանիոմը Ռուսիա տեղափոխելը չէ, եւ ատիկա երբեք մեր ծրագիրը չէ եղած: Իրանեան հարստացուած իւրանիոմի հարցը բանակցութիւններու ընթացքին կը քննարկուի»:
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը յայտնեց, որ նախագահ Թրամփ պիտի շարունակէ Իրանի հետ համաձայնութեան հասնելու համար բանակցիլ:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի պատերազմը շուտով աւարտելուն մասին Թրամփի յայտարարութենէն ետք քարիւղի գինը նուազած է:
Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլ կը մերժէ կռիւի վերսկսման թուականին շուրջ մեկնաբանութիւն կատարել:
Ամերիկեան ապահովական աղբիւր մը կայանին ըսած է. «Ամերիկեան-իսրայէլեան միացեալ պատրաստութիւնները ամբողջացան, եւ կը թուի, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ մտադիր է շատ շուտով որոշում մը տալու: Համակարգումը ամբողջական է, եւ որեւէ կողմ անակնկալի պիտի չմատնուի»:
Իսրայէլեան աղբիւրներ Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանին նշած են, որ Իսրայէլ Իրանի վրայ յարձակումի յետաձգումէն անակնկալի մատնուած է, որովհետեւ անոր գնահատումը ցոյց կու տար, թէ յարձակումը ժամեր ետք պիտի սկսի, եւ հակառակ այդ յետաձգման իսրայէլեան շրջանակներ ամբողջովին պատրաստ են Իրանին ամերիկեան հարուածի մը հաւանականութեան:
Ապահովական աղբիւրներ իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին յայտնեցին. «Իրանի վրայ ամերիկեան յարձակումներու վերսկսումը հաստատօրէն պիտի յանգեցնէ կռիւին Իսրայէլի մասնակցութեան»:
Իրանի իրաւական եւ միջազգային հարցերով արտաքին գործոց փոխնախարար Քազեմ Ղարիպապատի յայտարարեց, թէ Իրան կը մնայ միասնական եւ վճռականօրէն պատրաստ է դիմակայելու որեւէ զինուորական յարձակումի:
«Մեզի համար անձնատուութիւնը իմաստ չունի. կա՛մ պիտի յաղթենք, կա՛մ նահատակներ պիտի դառնանք», յայտարարած է Ղարիպապատի:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի նշեց. «Պատերազմի սկիզբէն ամիսներ ետք, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը հաստատեց կորուստը տասնեակ օդանաւերու, որոնց արժէքը միլիառաւոր տոլարներով կը գնահատուի»:
«Մեր զինեալ ուժերն են, որոնք վար առին ամերիկեան «Էֆ-35» տիպի ամերիկեան օդանաւը, որ միշտ ալ գովաբանուած է», ըսաւ ան:
«Մեր սորված դասերէն ու ապահոված գիտելիքէն ետք, պատերազմին վերադարձի պարագային մեծ անակնկալներ պիտի արձանագրուին», նշեց Արաղչի:
Ծերակոյտը Թրամփի Իրանի Դէմ Պատերազմ Շղթայազերծելու Լիազօրութիւնը Սահմանափակող Որոշում Որդեգրեց
Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի վերին պալատը` Ծերակոյտը որդեգրեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Իրանի դէմ պատերազմ շղթայազերծելու լիազօրութիւնը սահմանափակող որոշում մը, մինչ պատերազմի սուղ գինին ու ընթացքին նկատմամբ հետզհետէ աճող մտավախութիւն գոյութիւն ունի:
Որոշումը որդեգրուեցաւ 50 թեր եւ 47 դէմ քուէներով: Ասիկա առաջին անգամն է, որ 11 շաբաթ առաջ պատերազմի սկիզբէն ի վեր Քոնկրեսի պալատներէն մէկը Իրանի դէմ զինուորական գործողութիւնները սահմանափակող օրինագիծ մը կ՛որդեգրէ:
Թրամփ հաստատօրէն օրինագիծը վեթոյի ենթարկելու իր իրաւունքը պիտի օգտագործէ, եթէ անիկա իր գրասենեակ հասնի:
Քուէարկութիւնը կ՛արտացոլէ Հանրապետական կուսակցութեան մէջ հետզհետէ աճող մտահոգութիւնը երեք ամիսէ ի վեր շարունակուող պատերազմին նկատմամբ, որ ամերիկեան զէնքերու պահեստները նուազեցուց, զինուորական պատրաստուածութեան շուրջ հարցականներ ստեղծեց եւ ծախսերու պաշտօնական գնահատումը մինչեւ հիմա բարձրացուց աւելի քան 30 միլիառ տոլարի:
Որոշումը վարչակազմէն կը պահանջէ Իրանի դէմ զինուորական գործողութիւնը կա՛մ դադրեցնել, կա՛մ ալ զայն շարունակելու համար ստանալ Քոնկրեսի արտօնութիւնը` հիմնուելով պատերազմի լիազօրութիւններու 1973 թուականի օրէնքին վրայ, որ որդեգրուած էր Վիեթնամի պատերազմէն ետք, վարչակազմերու առանց Քոնկրեսի հաւանութեան երկարատեւ զինուորական գործողութիւններ շղթայազերծելու կարողութիւնը զսպելու համար:
Ծերակոյտին մէջ դեմոկրատական փոքրամասնութեան ղեկավար Չաք Շումըր քուէարկութենէն առաջ ըսաւ, թէ Թրամփ «կը նմանի լեցուած զէնքով խաղցող փոքր մանուկի մը»:
«Եթէ կայ զինեալ ուժերը Իրանի հետ թշնամական արարքներէն հեռացնելու համար պատերազմի լիազօրութիւններու վերաբերեալ մեր որոշումին զօրակցելու պահ մը, ատիկա հիմա է», աւելցուց դեմոկրատական ծերակուտականը: