Տմիթրիեւ. «Ուիթքոֆ Մօտ Օրէն Ռուսիա Պիտի Այցելէ»

Ռուսիոյ նախագահի արտասահմանեան երկիրներու հետ ներդրումային եւ տնտեսական համագործակցութեան հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Քիրիլ Տմիթրիեւ յայտարարած է, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆ «մօտ օրէն» Ռուսիա պիտի այցելէ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:

Leave a Comment