«Փրեմիեր Լիկ». Արսենալ 22 Տարի Ետք Ախոյեան

Վերջին տարիներուն ձախող փորձերէն ետք Լոնտոնի Արսենալ ակումբը վերջապէս շահեցաւ «Փրեմիեր լիկ»-ի ախոյեանի տիտղոսը:

Միքել Արթեթայի խումբը, որ օր մը առաջ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Պըրնլին, ախոյեան դարձաւ, որովհետեւ երեքշաբթի գիշեր Մանչեսթըր Սիթի չկրցաւ յաղթել Պորնմաութին (1-1):

Սիթի պէտք էր յաղթէր եւ սպասէր, որ վերջին հանգրուանին վճռուէր տիտղոսը, բայց ըստ երեւոյթին Փեփ Կուարտիոլայի վերջին մրցումները յաղթանակներէ զուրկ պիտի մնան: Շատ հաւանական է, որ Կուարտիոլա լքէ Սիթին այս եղանակի աւարտին:

Արսենալի համակիրները հաւաքուած էին «Էմերէյթց Սթատիոմի» մօտ, ուր մրցումի աւարտէն ետք սկսան տօնակատարութիւնները:

 

Leave a Comment