Վերջերս տեղի ունեցաւ Նոա ֆութպոլի ակումբի եւրոպական բարձր չափանիշներուն համապատասխանող մարզական նոր կեդրոնի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Ֆութպոլի նոր կեդրոնը` «Նոա Փարք», ներկայացուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան, ֆութպոլի համայնքի ներկայացուցիչներուն, լրատու միջոցներուն եւ ակումբի գործընկերներուն:
Հայկական ֆութպոլի համար այս կարեւոր իրադարձութեան իբրեւ յատուկ հիւր ներկայ էր համաշխարհային ֆութպոլի պատմական աստղերէն` փորթուգալցի Լուիշ Ֆիկօ: Ձեռնարկին մասնակցեցան նաեւ Նոա ակումբի նախագահ Վարդգէս Վարդանեան եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ:
Ըստ ակումբի մամլոյ ծառայութեան տեղեկութեան, վերջին 18 ամիսներուն «Նոա»-ն զբաղած էր հիմնական խումբին, անձնակազմին եւ վարչական հատուածին համար նախատեսուած այս ժամանակակից մասնաշէնքին կառուցումով:
Նորաբաց այս կեդրոնը կը ներառէ`
– Ժամանակակից հանդերձարաններ վերականգնումի քանի մը տեսակի սենեակներով:
– Բժշկական եւ մարձումներու նորագոյն սարքաւորումներով կահաւորուած տարածքներ:
– Ընդարձակ եւ ժամանակակից մարզասրահ, ուսումնամարզական հաւաքներու համար նախատեսուած հիւրանոցային համարներ, գրադարան եւ առաջին խումբի անձնակազմի համար նախատեսուած ճաշարան, խորհրդակցութիւններու սրահներ եւ աշխատասենեակներ:
– Ժամանցի սրահներ` համալրուած փինկ փոնկի եւ համակարգչային խաղերով:
Այս նախագիծին արձագանգած է նաեւ համաշխարհային ֆութպոլ լուսաբանող հռչակաւոր լրագրողներէն Ֆապրիցիօ Ռոմանօ: Ան իր էջին մէջ նշած է «Հիր ուի կօ» հռչակաւոր խօսքը, ոչ միայն անդրադառնալով կեդրոնի բացման, այլ նաեւ բացայայտելով ակումբին յառաջիկայ մեծ նպատակը:
«Հայաստանի ախոյեան Նոա կը ներկայացնէ «Նոա Փարք»-ը եւ նոր կեդրոնը` համաշխարհային մակարդակի մարզադաշտի կառուցման ծրագիրներով: Ախոյեաններ, բաժակակիրներ, եւրոպական նոր բեմեր… նախագիծը կը շարունակէ աճիլ», գրած է Ռոմանօ:
Ինչպէս ակումբը կը նշէ, ասիկա նոր սկիզբ է դէպի գերազանցութիւն եւ դէպի բոլոր այն նպատակները, որոնց ուղղութեամբ անվերապահօրէն կը յառաջդիմէ «Նոա»-ն: