Ֆրանսական հռչակաւոր Մարսէյ ակումբը մեծ փոփոխութիւններ կը մտածէ կատարել յառաջիկայ տարեշրջանին համար եւ մօտէն կը հետաքրքրուի Հայաստանի հաւաքականի խմբապետ Էդուարտ Սպերցեանի ծառայութեամբ:
Սպերցեան, որ վերջին տարիներուն փափաք ներկայացուցած էր Եւրոպայի լաւագոյն 5 լիկաներէն մէկուն մաս կազմելու գծով, անդրադարձաւ ֆրանսական ակումբին կողմէ ցուցաբերուած այդ հետաքրքրութեան:
«Մարսէյի մէջ հայկական մեծ սփիւռք կայ: Իրականութեան մէջ ես տեղեակ չեմ եւ առաջին անգամ ըլլալով կը լսեմ այդ մասին», ըսաւ ան կատակելով: Իրականութեան մէջ ես պայմանագիրս տակաւին անցեալ տարեշրջանին երկարաձգած եմ, եւ այդ մասին պարզապէս չէր յայտարարուած: Փոխանցման վերաբերեալ տակաւին կարծիքս նոյնն է: Կ՛ուզեմ ուժերս փորձել Եւրոպայի մէջ, բայց տեսնենք ի՛նչ կ՛ըլլայ: Եթէ լաւ առաջարկ ըլլայ, կը նստինք ու կը բանակցինք», աւելցուց ան:
Սպերցեան Կրասնոտարի հետ այս տարեշրջանին 41 մրցումներ կատարած է` 14 կոլեր արձանագրելով եւ 18 էսիսթներ կատարելով: 25 տարեկան միջնապահին պայմանագրութիւնը մինչեւ 2029 է, եւ անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատուի մօտ 25 միլիոն եւրոյով:
Վերջերս ռուս մասնագէտներ, ինչպէս նաեւ նախկին մարզիկներ` Անտրէ Արշաւինի եւ Ալեքսանտր Մոսթովոյի նման, յայտնած էին, որ ան շատ դիւրին ելոյթներ կրնայ ունենալ Սպանիոյ, Իտալիոյ եւ Գերմանիոյ մէջ` շնորհիւ իր տինամիք կարգավիճակին: