Քաթարի վեթերան յառաջապահ Սեպասթիան Սորիա առիթ ունի դառնալու Մոնտիալին մասնակցող ամէնէն տարեց ֆութպոլիստը, երբ վերջերս նկատի առնուեցաւ Քաթարի սկզբնական մարզիկներու խմբակէն:
Ծնունդով ուրուկուէյցի Սորիա մաս կազմեց 34 մարզիկներու ցանկին, որուն անդամները ընտրեց մարզիչ Խուլեն Լոփեթեկի: Աւելի ուշ խմբակին թիւը պիտի նուազի 26-ի, որոնք պիտի ներկայացնեն Քաթարը այս Մոնտիալին:
Եթէ Սորիա մաս կազմէ այդ 26 հոգինոց ցանկին, պիտի բարելաւէ Ռոժէ Միլայի (Քամերուն) մրցանիշը, իբրեւ ամէնէն տարեց ֆութպոլիստը Մոնտիալի 96 տարուան պատմութեան ընթացքին:
42 տարեկան էր Միլա, երբ 1994-ին մասնակցեցաւ Միացեալ Նահանգներու Մոնտիալին: Սորիա իր կարգին 42 տարեկան է, բայց ամիսներով աւելի մեծ է տարիքով, քան Միլա:
Եգիպտոսի բերդապահ Իսամ Հատարի 2018-ի մոնտիալին 45 տարեկան եւ 161 օր էր, երբ խաղցաւ Սէուտական Արաբիոյ դէմ:
Իբրեւ վազող մարզիկ յառաջապահ Սորիա պիտի ըլլայ մրցանիշ կրողը, մինչ այլ բերդապահ մը` Սկովտիոյ Քրէյկ Կորտըն, եթէ նկատի առնուի, պիտի ըլլայ ամէնէն երէց անդամը` 43 տարեկան ըլլալով: Այժմ Կորտըն վիրաւոր է, բայց հաւանաբար մէկ ամիսէն բարելաւուի վիճակը:
Սորիայի միջազգային ասպարէզը 2017-ին վերջ գտած կը թուէր, եւ ան նկատի չէր առնուած 2022-ի Մոնտիալի հիւրընկալ երկրին կողմէ:
Անցեալ հոկտեմբերին սակայն, ան զտումի կարեւոր մրցումի մը մասնակցեցաւ, ուր Քաթար 2-1 արդիւնքով յաղթեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն:
Սորիա, որ 2004-ին փոխադրուած էր Քաթարի ախոյեանութիւն եւ քաղաքացիութիւն ստացած 2007-ին, հպարտ կը զգար Քաթարի շապիկը կրելուն համար:
Քաթար Մոնտիալի գծով իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ 13 յունիսին` Զուիցերիոյ դէմ, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ: Աւելի ուշ Քաթար պիտի մրցի հիւրընկալ երկրին` Քանատայի դէմ, Վանքուվըրի մէջ, եւ Բ. խմբակի իր վերջին մրցումը պիտի կատարէ Պոսնիոյ դէմ Սիեթըլի մէջ 24 յունիսին:
Նշենք, որ վաղուան մեր թիւով եւ օրական դրութեամբ պիտի խօսինք մասնակից խումբերուն եւ մարզիկներուն մասին: