Ճէյլըն Պրանսըն մեծ դեր ունեցաւ, երբ Նիւ Եորք Նիքս ձեռք ձգեց «Էն. Պի. Էյ.»-ի փլէյ-օֆի պատմութեան լաւագոյն յաղթանակներէն մէկը` 4-րդ մասին 22 կէտերով ետ մնալէ ետք:
Արդարեւ, Նիւ Եորքի «Մետիսըն Սքուեր Կարտըն»-ի մէջ տեղի ունեցած Արեւելեան շրջանի առաջին ճակատումին ամէն ինչ բնական կ՛ընթանար, եւ Նիւ Եորք 23-16 արդիւնքով կը յառաջանար առաջին մասին: Քլիվլենտ Քեվելիրզ Բ. եւ Գ. մասերուն փոխադարձեց, յառաջ անցաւ եւ մինչեւ մրցումի աւարտէն մօտ 7 վայրկեան առաջ 22 կէտով յառաջացաւ:
Պրանսըն իր 38 կէտերէն 17-ն նշանակեց 4-րդ մասին եւ երկարաձգման ընթացքին: Միքալ Պրիճզ 18 կէտ աւելցուց ի նպաստ Նիքսի, որ յաջորդական 7-րդ փլէյ-օֆի յաղթանակը արձանագրեց: Քարլ Անթոնի Թաունզ 13 կէտ եւ 13 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Օ. Ճի. Անունոպի եւ Ճոշ Հարթ իրենց կարգին 13-ական կէտեր նշանակեցին ի նպաստ Նիքսի:
Տոնավըն Միչել 29 կէտ նշանակեց ի նպաստ Քլիվլենտի, իսկ Ճէյմս Հարտըն եւ Էվըն Մոպլի` 15-ական կէտ: Մոպլի 14 ռիպաունտ ալ ձեռք ձգեց:
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններու առաջին ճակատումները յետ երկարաձգման կը վճռուին:
Մրցումը վերջ գտաւ 101-101 արդիւնքով, բայց երկարաձգման ընթացքին Նիւ Եորք 14 կէտեր կրցաւ նշանակել, մինչ Քլիվլենտ… միայն 3: