Թիֆլիսի մէջ (Վրաստան) տեղի ունեցաւ խառն մենամարտերու մեծ մրցաշարք մը` «Ռքենա Էֆ.Սի.3»-ը, ուր ելոյթներ ունեցան Վրաստանէն երկու հայ մարտիկներ` Ռուբիկ Վարդանեան եւ Մերուժան Պալեան:
Երկու մարզիկներն ալ յաղթանակներ արձանագրեցին մրցումի աւարտէն առաջ իսկ եւ իրենց անունը յայտնի դարձուցին վրացական «Էմ.Էմ.Էյ.»-ին մէջ:
Ռուբիկ Վարդանեան շարունակեց իր անյաղթ արհեստավարժ ասպարէզը «Էմ.Էմ.Էյ.»-ի մէջ եւ իր 5-րդ մրցումն ալ յաղթեց: Ան առաջին ռաունտին իսկ խեղդող հնարքով յաղթեց քոլոմպիացի Խուան Թրուխիլիոյին:
Այս յաղթանակը յատուկ արժէք ունէր` նկատի ունենալով, որ Թրուխիլիօ 6-2 յաղթանակներու շարք ունէր եւ նախապէս «Փրիտէյթըր» լիկայի ախոյեան էր, ինչպէս նաեւ «Ուան Էֆ.Սի.»-ի ելոյթներու փորձառութիւն ալ ունէր:
Այլ տպաւորիչ ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ Մերուժան Պալեան: Հայ մարտիկը երկրորդ ռաունտին նաք աութի ենթարկեց ղազախստանցի Նուրսուլթան Մենտէպայեւը եւ իր յաղթանակներու շարքը բարձրացուց 5-ի` իր կատարած 7 մրցումներուն:
Մենամարտը նոյնպէս դիւրին մրցակիցի մը դէմ չէր: Ղազախստանի մարզիկն ալ «Կամմա»-ի աշխարհի փոխախոյեանն էր, բայց Պալեան հզօր մենամարտ ունեցաւ եւ նաք աութի ենթարկեց զայն: