Սամպոյի հայ մարզիկ Գոռ Յարութիւնեան դարձաւ Եւրոպայի 2026-ի ախոյեան, Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցաշարքին:
Յարութիւնեան, որ կը մասնակցէր մարզական սամպոյի 88 քկ կշիռի մրցումներուն, աւարտականին մրցեցաւ ազրպէյճանցի Ատիլ Ատիլզատէի դէմ եւ 5-2 արդիւնքով յաղթեց անոր:
Գոռ Յարութիւնեան շատ զօրաւոր մրցաշարք մը ունեցաւ եւ հաստատ քայլերով հասաւ աւարտական: Ան պարտութեան մատնած էր Լաթվիոյ, Սպանիոյ եւ Վրաստանի ներկայացուցիչները, որոնցմէ ետք յաղթեց ազրպէյճանցի իր մրցակիցին` աւարտականին:
Ասիկա եղաւ Հայաստանի երկրորդ ոսկի մետալը այս ախոյեանութեան, Կարէն Սարգսեանի ետին, որ 58 քկ կշիռի մրցումներուն ոսկի մետալը նուաճած էր:
Հայաստանի հաւաքականը մետալներու դասաւորման մէջ գրաւեց 3-րդ դիրքը` Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ ետին:
Ստորեւ` Հայաստանի 9 մետալակիրները.
ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՍԱՄՊՕ
Կարէն Սարգսեան – 58 քկ – ոսկիէ մետալ
Պորիս Շատվերեան – 79 քկ – պրոնզէ մետալ
Գոռ Յարութիւնեան – 88 քկ – ոսկիէ մետալ
ՄԱՐՏԱԿԱՆ ՍԱՄՊՕ
Նարեկ Գոգինեան – 58 քկ – պրոնզէ մետալ
Մայիս Ներսէսեան – 64 քկ – արծաթէ մետալ
Արսէն Աւետիսեան – 71 քկ – արծաթէ մետալ
Գէորգ Ազատեան – 79 քկ – պրոնզէ մետալ
Լէոնիտ Մելիքեան – 98 քկ – արծաթէ մետալ
Մխիթար Թէյմուրեան – 98 քիլոկրամէն աւելի – պրոնզէ մետալ