Եւրոպական Միութեան մէջ յայտարարած են, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս հակառուս դիրքորոշման պատճառով ուքրանական ճգնաժամի կարգաւորման հոլովոյթին մէջ պիտի չկարենայ հանդէս գալ իբրեւ եւրոպական համայնքին կողմէ բանակցող: Այս մասին կը հաղորդէ «Փոլիթիքօ» օրաթերթը` յղում կատարելով իր աղբիւրներուն:
«Ցաւօք, ան ինքզինք ջնջած է բանակցողներու ցուցակէն», յայտարարած է Եւրոպական Միութեան անանուն դիւանագէտը:
Օրաթերթը կը ներկայացնէ նաեւ ցուցակը քաղաքական այն գործիչներուն, որոնք կրնան համայնքը ներկայացնել ապագայ բանակցութիւններուն:
Մասնաւորաբար կը նշուին Գերմանիոյ նախկին վարչապետ Անկելա Մերքելի, Ֆինլանտայի նախագահ Ալեքսանտր Սթուպի եւ Եւրոպական կեդրոնական դրամատան նախկին ղեկավար ու Իտալիոյ նախկին վարչապետ Մարիօ Տրակիի անունները:
Նախապէս Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած էր, որ Գերմանիոյ նախկին վարչապետ Կերհարթ Շրէօտըրի թեկնածութիւնը նախընտրելի է հաւանական բանակցութիւններուն համար:
Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով աւելի ուշ նշած էր, որ Քալլասի շահերէն կը բխի բանակցող չըլլալ: