Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկին առաջարկած է, որ Միացեալ Նահանգները, Չինաստանը եւ Ռուսիան Միջազգային քրէական դատարանին դէմ պայքարին մէջ իրենց ջանքերը միաւորեն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը` յղում կատարելով երկու ղեկավարներու բանակցութիւններուն մանրամասնութիւններուն ծանօթ աղբիւրներուն:
Բրիտանական օրաթերթին տեղեկութիւններով` Միացեալ Նահանգներու նախագահը այս հարցին մէջ համագործակցութեան մասին յայտնած է Չինաստան իր վերջերս կատարած այցելութեան ժամանակ: Ան, ըստ ամենայնի, աւելցուցած է նաեւ, որ Միջազգային քրէական դատարանին նկատմամբ երեք երկիրներու շահերը կը համընկնին:
Սպիտակ տունը մերժած է այս տեղեկութիւնը մեկնաբանել:
Օրաթերթը այս հարցին վերաբերեալ Չինաստանի պաշտօնական դիրքորոշումը չի նշեր: