Հիւսիսային Քորէայի եւ Հարաւային Քորէայի սահմանը պէտք է դառնայ անառիկ ամրոց: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ըն:
Քորէայի կեդրոնական հեռագրական գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ան նման պահանջ ներկայացուցած է զօրամասերու եւ զօրաբաժիններու հրամանատարներուն հետ հանդիպումի ընթացքին:
«Ան մասնաւորաբար անդրադարձած է տարածքի պաշտպանութեան վերաբերեալ մեր կուսակցութեան քաղաքականութեան, որ ուղղուած է հարաւային սահմանը հսկող առաջնագիծի ստորաբաժանումներու ամրապնդման եւ սահմանագիծը անառիկ ամրոցի վերածելուն», նշուած է հրապարակումին մէջ:
Քիմ Եոնկ Ընի համաձայն, անոր համար անհրաժեշտ է վերատեսութեան ենթարկել բանակային ստորաբաժանումներու կառուցուածքը եւ սպառազինութեան առումով ամրապնդել սահմանին գտնուող զօրամասերը:
Բացի ատկէ, ան բանակին կոչ ուղղած է ճանչնալու գլխաւոր հակառակորդը եւ բարձրացնելու դասակարգային գիտակցութիւնը:
Ըն մարտին Գերագոյն ժողովրդական ժողովի 15-րդ գումարման առաջին նստաշրջանի իր ծրագրային ելոյթին ընթացքին Հարաւային Քորէան պաշտօնապէս յայտարարած էր թշնամական պետութիւն:
«Հիւսիսային Քորէայի դէմ Հարաւային Քորէայի որեւէ հաւանական ոտնձգութեան անգութ հատուցում պիտի հետեւի», զգուշացուցած էր ան: