Տիթրոյիթ Փիսթընզ բնական եղանակի լաւագոյն խումբն էր Արեւելեան շրջանին մէջ, բայց թիւ 1 դասուած խումբը բաւական դժուարութեամբ կրցաւ դուրս ձգել 8-րդ դասուած Օրլանտօ Մեճիքը` 3-1 արդիւնքով ետ մնալէ ետք, յաջորդական 3 մրցումներ յաղթելով, փլէյ օֆի մրցումներու առաջին հանգրուանին:
Երէկ սակայն Քլիվլենտ Քեվելիրզ շատ աւելի լաւ վիճակի մէջ էր, եւ բնաւ առիթ չտուաւ Փիսթընզին, որ օգտուի Տիթրոյիթի մէջ կատարուած մրցումի առաւելութենէն:
Տոնավըն Միչել 26 կէտ նշանակեց, իսկ Ճերըթ Էլըն եւ Սեմ Մերիլ` 23-ական կէտեր, Քլիվլենտը հասցնելով Արեւելեան շրջանի աւարտական:
Թիւ 4 դասուած Քլիվլենտ պիտի ըլլայ հիւրը Նիւ Եորք Նիքսի (թիւ 3), եւ Տոնավըն Միչել առաջին անգամ ըլլալով կը հասնի այս դիրքին` «Էն. Պի.Էյ.»-ի իր ասպարէզին մէջ:
Էվըն Մոպլի 21 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Քեվելիրզի, որ 2018-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով կը հասնէր աւարտական, ուր Լըպրոն Ճէյմսի հետ հասած էր վերջին անգամ:
«Անցեալ տարի ձախողելէ ետք Ինտիանայի դէմ, մեր նպատակն էր «Էն. Պի. Էյ.»-ի աւարտական հասնիլ եւ ոչ միայն Արեւելեան շրջանի: Իբրեւ խումբ պէտք է հանգիստ առնենք քիչ մը, բայց միայն 12 ժամ ունինք հանգիստի», ըսաւ Միչել:
Վաղը առաւօտ Նիւ Եորքի մէջ տեղի կ՛ունենայ առաջին ճակատումը, մինչ այսօր առաւօտեան ժամերուն Արեւմտեան շրջանի լաւագոյն 2 խումբերը` Օքլահոմա Սիթի Թանտըր եւ Սան Անթոնիօ Սփըրզ պիտի սկսին Արեւմտեան աւարտականի ճակատումները: