Պուտափեշտի մէջ (Հունգարիա) տեղի ունեցաւ բազկամարտի Եւրոպայի ախոյեանութիւնը:
7 անգամ Եւրոպայի ախոյեան Արման Մրտէեան անգամ մը եւս մետալ մը աւելցուց իր մետալներու պահարանին մէջ: Արդարեւ, Եւրոպայի 35-րդ բազկամարտի ախոյեանութեան մրցումներուն ան կրցաւ արծաթէ մետալ նուաճել:
34 երկիրներէ աւելի քան 1500 ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ 60 քկ կշիռի մարզիկներու մրցումներուն հայ երիտասարդ մարզիկը, որ 7 անգամ շահած էր Եւրոպայի ախոյեանութիւնը, կրցաւ 3-րդ անգամ ըլլալով շահիլ արծաթէ մետալ:
Փարաբազկամարտի (անդամալոյծներու մրցումներ) մրցումներուն, Սարգիս Ստեփանեան 6-րդ անգամ ըլլալով դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան:
80 քիլոկրամէն վեր կշիռի մրցումներուն ան շահեցաւ ոսկի մետալ եւ ըսաւ. «Այս յաղթանակը միայն իմս չէ: Այս յաղթանակը մեր ժողովուրդի, մեր զինուորի, մեր կամքի եւ երբեք չյանձնուող հայ մարդու յաղթանակն է»: