Դաւիթ Մգոյեան «Էմ. Վի. Փի.1» մրցաշարքին ընթացքին յաղթեց «Եու. Էֆ. Սի.»-ի նախկին մարտիկ Ալպերթ Մորալեսին:
Ծագումով եզիտի հայ «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի մարտիկը (9-1) կարեւոր յաղթանակ տարաւ Քալիֆորնիոյ մէջ տեղի ունեցած մրցաշարքին: 21 տարեկան Մգոյեան իրաւարարներու միաձայն որոշումով յաղթական հռչակուեցաւ երեք ռաունտերէ ետք` 29-28, 30-26 եւ 30-27 արդիւնքով:
Մգոյեանի համար այս յաղթանակը ասպարէզի ամէնէն նշանակալիցներէն մէկն էր: Անոր մրցակիցը փորձառու Մորալեսն է, որ արհեստավարժ երկար ասպարէզ ունեցած է «Եու. Էֆ. Սի.»-ի մէջ: Այս մրցումին ներկայ էր նաեւ Արման Ծառուկեան, որ Մգոյեանի խմբակին հետ նստած էր: Ասիկա Մգոյեանի 9-րդ պաշտօնական յաղթանակն էր 10 մենամարտերու ընթացքին:
Ճէյք Փոլի ստեղծած այս նոր մրցաշարքը` «Էմ. Վի. Փի. 1», մեծ թիւով մասնակիցներ եւ աստղեր հաւաքած էր թէ՛ իբրեւ հիւրեր, թէ՛ ալ իբրեւ մասնակիցներ: Ներկայ էին Ֆրանսիս Նկանու, Նէյթ Տիաս, Մայք Փերի եւ մարտարուեստի աշխարհի այլ ներկայացուցիչներ: