Սամպօ. Հայաստան 4 Մետալներ Նուաճեց Եւրոպայի Ախոյեանութեան Առաջին Օրը

Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ, շաբաթավերջին սկսաւ սամպոյի Եւրոպայի ախոյեանութիւնը:

Առաջին օրուան մրցումներուն, Հայաստանի հաւաքականի կազմէն 4 ներկայացուցիչներ մէկ արծաթ եւ 3 պրոնզ մետալներ նուաճեցին:

71 քկ կշիռի ներկայացուցիչ Արսէն Աւետիսեան հաւաքականի կազմէն լաւագոյն արդիւնքը ցոյց տուաւ մարտական սամպոյի մրցումներուն: Հայ մարզիկը 3 յաջորդական յաղթանակներ արձանագրելէ ետք հասաւ աւարտական եւ պարտութիւն կրելէ ետք դարձաւ փոխախոյեան:

Պրոնզէ մետալներ շահեցան Պորիս Շատվերեան, Նարեկ Գոգինեան եւ Մխիթար Թէյմուրեան: 79 քկ կշիռի մրցումներուն, Շատվերեան մարզական սամպոյի մրցումներուն երկու յաղթանակներ արձանագրեց եւ բարձրացաւ պատուոյ հարթակի 3-րդ աստիճանը: Նոյն կշիռի մրցումներուն արծաթէ մետալ նուաճեց Յունաստանը ներկայացնող Կիորկիոս Մարկարեան:

Մարտական սամպոյի 58 քկ կշիռի մրցումներուն Գոգինեան շահեցաւ պրոնզէ մետալ, իսկ 98 քիլոկրամէն վեր կշիռի մրցումներուն Թէյմուրեան մէկ յաղթանակ արձանագրելէ ետք դարձած է պրոնզէ մետալակիր:

Leave a Comment