Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը վերջերս բարեփոխումներ կատարեց իր այս տարուան փլէյ-օֆի մրցումներուն գծով` նկատի ունենալով Ուասլ 2026-ի եւ ազգային խումբի խճողուած յայտագիրը` երկրին դիմագրաւած ապահովական պայմաններուն պատճառով յետաձգուած մրցումներուն լոյսին տակ:
Վերջին երեք հանգրուանները պիտի աւարտին 2 շաբթուան ընթացքին, ապա անմիջապէս պիտի սկսին ֆայնըլ 8-ի մրցումները ջնջելով նախապէս որոշուած փլէյ-ին եւ ֆայնըլ 6-ի դրութիւնը: Վերջնական դասաւորման արդիւնքներէն ետք, առաջին դիրքը գրաւող խումբը պիտի մրցի 8-րդին, 2-րդը` 7-րդին, 3-րդը` 6-րդին, իսկ 4-րդը` 5-րդին դէմ, ուր երեք յաղթանակներ արձանագրող խումբերը կը հասնին կիսաւարտական: Կիսաւարտական մրցումներուն ալ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբերը կը հասնին աւարտական, ուր պիտի դիմուի 7 մրցումներու 4 յաղթանակ արձանագրողի դրութեան:
Ինչ կը վերաբերի 9-րդէն 12-րդ դիրքերը գրաւող խումբերուն, օրէնքը կը մնայ նոյնը, բայց փոխան 5 մրցումներէն 3 յաղթանակ արձանագրողի վերջնական յաղթանակին, պիտի դիմուի 3 մրցումներէն 2 յաղթանակ ապահովելու դրութեան, ինչպէս նշեցինք ժամանակի նեղ ըլլալուն պատճառով:
Նշենք, որ Ուասլի մրցումները տեղի պիտի ունենան 14-էն 20 յունիսին, Քուէյթի մէջ: