Ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապեր նշեց, որ պահանջուածը իսկական զինադադար է. բան մը, որ նոյեմբեր 2024 թուականէն ի վեր տեղի չունեցաւ:
Ան ըսաւ, որ կարելի էր այս ժամանակաշրջանէն օգտուիլ, երբ լիբանանեան բանակը Լիթանի գետէն հարաւ տեղակայուեցաւ, սակայն պահանջուած օգնութիւնները չստացաւ:
«Երբ իսկական փոխըմբռնում գոյանայ, կրակոցը կը դադրի, սակայն ատիկա առնուազն ռմբակոծումի, քանդումի եւ անօդաչու թռչող սարքերու դադրեցում կը պահանջէ, եւ եթէ բանակցութիւնները ռմբակոծումի դադրեցման չառաջնորդեն, ի՞նչ ըրած կ՛ըլլանք: Արդիւնքի հասնելու համար, այսօր գրաւը ամերիկեան կողմին վրայ է», նշեց Ժապեր:
Ելեւմուտքի նախարարը նաեւ յայտնեց, որ տոլարը ապահովուած է, եւ պետական մարզի ամսականները, տարաձայնութիւններուն հակառակ, պիտի վճարուին Ատհայի տօնէն առաջ:
Ան շեշտեց, որ պատրաստ գումարը տակաւին ապահովուած է, եւ Կեդրոնական դրամատունը ոսկիի կողքին 11,5 միլիառ տոլարի պահեստ ունի: