Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ընդունեց Աքքարէն երեսփոխաններ Ուալիտ Պաարինին եւ Ահմետ Ռըսթոմը, որոնց կ՛ընկերակցէր Աքքարէն մարմնակրթական եւ երիտասարդական պատուիրակութիւն մը:
Պայրագտարեան յայտնեց, որ Աքքարը ազգային յառաջադէմ պահեստ կը ներկայացնէ, եւ բարձր գնահատեց երեսփոխաններ Պաարինիի եւ Ռըսթոմի կողմէ շրջանին մէջ մարմնակրթութեան խթանումն ու երիտասարդները մարմնակրթութեան հետեւիլ քաջալերելը:
Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկրի ընդհանուր կացութեան, մասնաւորաբար շրջանին մէջ մարմնակրթական իրավիճակին եւ Աքքարի մէջ ծրագրուած ձեռնարկներուն:
Պայրագտարեան իր հիւրերուն ներկայացուց նախարարութեան ծրագիրները, որոնք պատրաստ են, գործադրուելու համար կացութեան հանդարտեցման կը սպասեն եւ կը վերաբերին Լիբանանի մէջ երիտասարդութեան ու մարզիկներու բոլոր շերտերուն:
Միւս կողմէ, Պայրագտարեան երէկ Լիբանանի մէջ սկաուտական միութիւններուն յղեց տեսագրուած պատգամ մը, որուն մէջ յայտնեց. «Ձեր նուիրուածութիւնը, կարգապահութիւնը եւ ծառայութեան ոգին իսկական օրինակ կը ծառայեն բոլոր սերունդներուն համար: Իւրաքանչիւր մարտահրաւէրի մէջ դուք հպարտութեամբ կը շարունակէք բարձրացնել Լիբանանի դրօշը` հաստատելով, որ կամաւորականութիւնը, առաջնորդութիւնն ու միասնութիւնը կը մնան աւելի ուժեղ, քան որեւէ դժուարութիւն:
«Մենք կ՛ողջունենք Լիբանանի տարածքին իւրաքանչիւր սկաուտ առաջնորդն ու իւրաքանչիւր սկաուտը` ի նշան մեր երիտասարդութեան եւ մեր հայրենիքին համար աւելի լաւ ապագայ կառուցելու ձեր նուիրուածութեան: Միասին մենք կը շարունակենք առաքելութիւնը»: