Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Հաժ Հասան զգուշացուց «Փենթակոնի մէջ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ամերիկեան հովանաւորութեամբ պատրաստուող ապահովական հոլովոյթէն, որ կը նախատեսուի, որ սկսի այս ամսուան 29-ին»:
«Ամերիկան այս հոլովոյթը կ՛ուզէ իր յստակ նպատակներուն համար եւ Դիմադրութեան նկատմամբ իր յստակ թշնամանքին պատճառով», ըսաւ ան` շեշտելով այդ հոլովոյթին «ամբողջ Լիբանանի համար ներկայացուցած վտանգները»:
«Իշխանութիւնները երկու ամիս առաջ յայտարարած էին, թէ զինադադարէն առաջ բանակցութիւններու պիտի չերթան: Այսօր բանակցութիւններու կիսուն հասաք, եւ տակաւին զինադադար չկայ», յայտնեց երեսփոխանը:
«Ան, որ կը կարծէ, թէ կրնայ ամերիկացիին եւ անոր ետին կանգնող իսրայէլացիին ուզածը տալ, մոլորութեան մէջ է, պատմութիւնը լաւ չէ կարդացած եւ ներկան լաւ չի ճանչնար», ըսաւ ան:
Հաժ Հասան մերժեց այն խօսքը, թէ` «լիբանանցիներուն մեծամասնութիւնը յարաբերութիւններու բնականոնացում կ՛ուզէ»` նշելով. «Երկրին մէջ կան կշիռ ունեցող կողմեր, որոնք սիոնական թշնամիին հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ու խաղաղութեան համաձայն չեն»:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամը վերյիշեցուց 17 մայիս 1983-ի համաձայնութիւնը, «որ փետրուար 1984-ին տապալեցաւ»:
«Ան, որ կը կարծէ, թէ կրնայ «նոր մայիս 17» մը ապահովել, մեծապէս մոլորութեան մէջ է», նշեց Հաժ Հասան: