Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ նշեց. «Նկատի ունենալով, որ զինադադարը պատրանք է եւ մտախաբութիւն, իսկ քանդումի ու տեղահանութեան քաղաքականութիւնը կը շարունակուի եւ պիտի աճի, ժամանակն է, որ ընկերային հարցերու նախարարութիւնը ստեղծէ քաղաքակրթական հիմերով ապաստանարաններ, առօրեայ դատարկ յայտարարութիւններուն փոխարէն:
«Նոյն բանը կը վերաբերի կրթութեան նախարարութեան` առ ի պատրաստութիւն յառաջիկայ կրթական տարեշրջանին»: