Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկի որեւէ հաղորդակցութիւն կը նպաստէ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու ընդլայնման համար նոր ազդակի ստեղծման: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:
«Երկու պետութիւններու ղեկավարներու որեւէ հերթական հաղորդակցութիւն կը նպաստէ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման եւ ընդլայնման համար նոր, յաւելեալ ազդակի ստեղծման», լրագրողներուն ըսած է Փեսքով` մեկնաբանելով Ռուսիոյ նախագահի Չինաստան սպասուող այցելութիւնը:
Յիշեցնենք, որ Փութին Չինաստանի նախագահին հրաւէրով 19-20 մայիսին պաշտօնական այցելութեամբ պիտի մեկնի Չինաստան: