Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զինադադարը 45 Օրով Երկարաձգուեցաւ Եւ Քաղաքականի Կողքին Ապահովական Հոլովոյթի 29 Մայիսին Մեկնարկը Յայտարարուեցաւ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը ուրբաթ գիշեր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Լիբանանի եւ Իսրայէլի պատուիրակութիւններուն միջեւ բանակցութիւններու աւարտին յայտարարեց. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ զինադադարը 45 օրով երկարաձգուեցաւ` յաւելեալ յառաջընթացի արձանագրումը կարելի դարձնելու համար»:

«Բանակցութիւններու քաղաքական հոլովոյթը պիտի շարունակենք 2 եւ 3 յունիսին», նշեց նախարարութիւնը, որ նաեւ 29 մայիսին Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարարութեան` Փենթակոնի մէջ Լիբանանէն ու Իսրայէլէն զինուորական պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ ապահովական հոլովոյթի մեկնարկը յայտարարեց:

«Կը մաղթենք, որ այս քննարկումները տեւական խաղաղութեան ամրապնդման, երկու երկիրներու գերիշխանութեան ամբողջական ճանաչման եւ անոնց հասարակաց սահմանի երկայնքին իսկական ապահովութեան հաստատման առաջնորդեն», նշեց նախարարութիւնը:

Ուաշինկթընի Մէջ Իսրայէլի Դեսպան. «Յաջողութեան Կարելիութիւնը Մեծ Է»

Միացեալ Նահանգներու մէջ Իսրայէլի դեսպան Եխիէլ Լէյթըր երկու օր տեւած բանակցութիւններէ ետք յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւնները անկեղծ ու շինիչ էին:

Ան աւելցուց, որ որոշուած է, որ այդ բանակցութիւնները ընթանան երկու հոլովոյթներով` ապահովական եւ քաղաքական:

«Ելեւէջներ պիտի ըլլան, սական յաջողութեան կարելիութիւնը մեծ է: Բանակցութիւններու ամբողջ ընթացքին առաւելագոյն կարեւորութիւն ունեցող հարցը մեր քաղաքացիներուն եւ զինուորներուն անվտանգութիւնը պիտի ըլլայ», աւելցուց դեսպանը:

Լիբանանեան Պատուիրակութիւն. «Լիբանան Պիտի Շարունակէ Բանակցութիւններուն Իր Շինիչ Ներքաշուածութիւնը` Կառչելով Իր Գերիշխանութեան Եւ Իր Քաղաքացիներու Անվտանգութիւնը Պաշտպանելով»

Ուաշինկթընի մէջ բանակցութեան մասնակից լիբանանեան պատուիրակութիւնը յայտարարեց. «Լիբանանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի միջեւ եռակողմ բանակցութիւններուն ընթացքին ի շահ Լիբանանի դիւանագիտական շօշափելի յառաջընթաց արձանագրուեցաւ: Կողմերը համաձայնեցան ներկայ զինադադարը յաւելեալ 45 օրով երկարաձգելու, ինչ որ առիթ կ՛ընծայէ 29 մայիսէն սկսեալ Միացեալ Նահանգներու հովանաւորութեամբ եւ օգնութեամբ ապահովական հոլովոյթի մեկնարկման եւ կը նպաստէ վերջին օրերու ընթացքին արձանագրուած քաղաքական թափի ամրապնդման»:

Պատուիրակութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ երկօրեայ բանակցութիւններուն գլխաւոր արդիւնքներն են.

– Զինադադարը յաւելեալ 45 օրով երկարաձգել` ապահովական եւ քաղաքական հոլովոյթներու յառաջընթացին զուգահեռ:

– Մեկնարկել քաղաքական պաշտօնական հոլովոյթ մը, որ բանակցութիւններուն մէջ Լիբանանի կառուցողական ներգրաւուածութիւնը կ՛արտացոլէ եւ կ՛ամրապնդէ տեւական խաղաղ կարգաւորման հասնելու առիթները: Ժողովը պիտի գումարուի 2 եւ 3 յունիս 2026-ին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Ուաշինկթընի կեդրոնատեղիին մէջ:

– Միացեալ Նահանգները նախաձեռնողականօրէն պիտի նպաստեն եւ պիտի բարելաւեն Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ հաղորդակցութեան եւ զինուորական համակարգման ուղիները, ներառեալ ապահովական հոլովոյթը, որ կը նախատեսուի սկսիլ 29 մայիսին Ուաշինկթընի մէջ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան (Փենթակոն) մէջ:

– Կողմերը յանձնառու կը դառնան քննելու արձանագրուած յառաջընթացը` զինադադարը յաւելեալ ժամանակով երկարաձգելու, եթէ բանակցային հոլովոյթները դրական արդիւնքներու հասնին:

Լիբանանեան պատուիրակութիւնը ողջունեց «այսօր ձեռքբերուած արդիւնքները»` շեշտելով, որ «զինադադարի երկարաձգումը եւ ամերիկեան հովանաւորութեամբ ապահովական հոլովոյթի մեկնարկը մեր ժողովուրդին անվտանգութեան անհրաժեշտ տարածք կ՛ապահովեն, կ՛ամրապնդեն պետական հաստատութիւնները եւ կը բանան քաղաքական ուղի դէպի երկարատեւ հանգստութիւն ու կայունութիւն: Լիբանանը պիտի շարունակէ իր բանակցութիւններուն մէջ իր կառուցողական ներգրաւուածութիւնը` միեւնոյն ժամանակ պահպանելով իր գերիշխանութիւնը եւ պաշտպանելով իր քաղաքացիներու անվտանգութիւնն ու ապահովութիւնը»:

Պատուիրակութիւնը իր հաստատ յանձնառութիւնը յայտնեց հասնելու համաձայնութեան մը, «որ ամբողջական կերպով կը վերականգնէ Լիբանանի ազգային գերիշխանութիւնը եւ կ՛երաշխաւորէ բոլոր քաղաքացիներուն անվտանգութիւնն ու տունդարձը»:

«Մեր նպատակը զինադադարի ներկայ թափը վերածելն է համապարփակ ու տեւական համաձայնութեան մը, որ կ՛ապահովէ լիբանանցի ժողովուրդի արժանապատուութիւնը, անվտանգութիւնն ու ապագան», ընդգծեց պատուիրակութիւնը:

Լիբանանեան պատուիրակութիւնը նաեւ նշեց. «Լիբանանեան դիրքորոշման սիւներն են.

– Գերիշխանութեան վերականգնում. Լիբանանի գերակայ խնդիրն է վերականգնել պետական ամբողջական իշխանութիւնը ամբողջ Լիբանանի տարածքին, ապահովել սահմաններու պաշտպանութիւնը, պահպանել ազգային գերիշխանութիւնը եւ երաշխաւորել քաղաքացիներու անվտանգութիւնը:

– Տեղահանուած անձերու վերադարձը եւ վերաշինութիւնը. Լիբանան կը շարունակէ իր յանձնառութիւնը ապահովելու տեղահանուած քաղաքայիններու անվտանգ ու արժանապատիւ վերադարձը հարաւային Լիբանան` աջակցելով արդիւնաւէտ տնտեսական օգնութեան եւ կայուն վերակառուցման ջանքերուն:

– Կալանաւորուածներու ազատ արձակում եւ աճիւններու վերադարձ. Լիբանան կը շարունակէ աշխատիլ բոլոր կալանաւորուած լիբանանցիներու ազատ արձակման եւ նահատակներու ու մահացածներու աճիւններու վերադարձման ուղղութեամբ:

– Ստուգման անկախ մեքանիզմ. Նախորդ համաձայնութիւններու ձախողութիւններէն խուսափելու համար Լիբանան կը հետեւի փուլային եւ ստուգելի գործադրութեան մեքանիզմի, որ հիմնուած է ամերիկեան երաշխիքներու վրայ եւ կ՛ապահովէ բոլոր պարտաւորութիւններու կատարումը` առանց Լիբանանի գերիշխանութիւնը վտանգելու:

Պատուիրակութիւնը նաեւ յայտարարեց. «Լիբանան բանակցութիւններ կը վարէ այնպիսի ապագայի համար, ուր իր սահմանները յարգուած են, իր գերիշխանութիւնը կը պահպանուի բացառապէս իր օրինական հաստատութիւններուն, նախ եւ առաջ լիբանանեան բանակին միջոցով, եւ անոր ժողովուրդը կրնայ ապրիլ տեւական ապահովութեան, խաղաղութեան եւ կայունութեան մէջ:

Leave a Comment