Իշխանութիւններուն Կոչ Ուղղելով` «Ձրի Զիջումներու Ֆիլմաշարը Դադրեցնելու»` Հըզպալլա. «Խաղաղութեան Համաձայնութեան Մասին Խօսակցութիւնը Շեղում Է Եւ Թշնամիին Անպարտութեան Շնորհում»

Հըզպալլա շաբաթ օր հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Լիբանանի իշխանութիւններուն եւ հողի, ժողովուրդի, մշակոյթի ու պատմութեան թշնամիի` սիոնական գոյացութեան միջեւ «լիակատար եւ համապարփակ» խաղաղութեան համաձայնագիրի մասին խօսելով` 17 մայիսի համաձայնագիրէն անդին գացող վտանգի եւ շեղման առումով վերարտադրելու փորձերու լոյսի տակ, Լիբանանի իշխանութիւնները չափազանց հեռու գացած եւ անտեսած կ՛ըլլան պատմութեան դասերն ու օրինակները, թշնամին արդարացուցած են իր յարձակումին համար, բռնագրաւումին համար անպարտութիւն շնորհած են եւ անոր հետ կը վարուին այնպէս, կարծէք խաղաղասէր եւ ճանչցուած գոյացութիւն է, ինչ որ բացայայտ, յստակ եւ կոպիտ խախտում է լիբանանեան սահմանադրութեան ու օրէնքներուն եւ կը դրժէ Լիբանանի ամբողջ պատմութիւնը, մշակոյթը, անոր զաւակներուն զոհողութիւնները, անոր ժողովուրդին անսասանութիւնն ու դիմադրողականութիւնը, ինչպէս նաեւ Դիմադրութեան մեծութիւնը:

Հըզպալլան նշեալ «վտանգաւոր տուեալներուն լոյսին տակ» յայտնեց, որ ամբողջովին կը մերժէ որեւէ ցուցմունք եւ ամերիկեան թէ ոչ ամերիկեան արտաքին հոգատարութիւն, որ կը փորձէ Լիբանանին բռնի կերպով պարտադրել հոլովոյթ մը եւ ճակատագիր մը, որ կը վնասէ անոր գերիշխանութեան, անկախութեան ու արժանապատուութեան եւ կը հակասէ այն պարզագոյն ազգային սկզբունքներուն, որոնց շուրջ պէտք է բոլոր լիբանանցիները միաւորուին:

Կուսակցութիւնը ըսաւ, թէ Լիբանանի ուղղակի բանակցութիւնները ընդունիլը կը ծառայէ ի վնաս Լիբանանի եւ անոր ժողովուրդի իսրայէլեան ձեռքբերումներու ամրապնդման եւ յաւելման:

Հըզպալլան իշխանութեան կոչ ուղղեց` «թշնամիին հետ շեղեալ ընտրանքներուն մէջ հեռու չերթալու, նկատի ունենալով Լիբանանի` իբրեւ պետութիւն եւ հասարակութիւն, կայունութեան վրայ այդ ընտրանքներուն ունեցած վտանգաւոր հետեւանքները, ինչպէս նաեւ իշխանութեան կոչ կ՛ուղղենք` դադրեցնելու ձրի զիջումներու ֆիլմաշարը եւ հայրենիքի իրաւունքներէն ու արժանապատուութենէն հրաժարելու բեմագրութիւնը, որովհետեւ ատիկա անոր վստահուած է օրէնքով, եւ մենք կը պահանջենք, որ ան նախ եւ առաջ հաւատարիմ մնայ ազգային շահերուն եւ հրաժարի այս բռնազաւթիչ, ագահ եւ բռնագրաւող թշնամիին հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի հասնելու կարելիութեան պատրանքներէն»:

Հըզպալլա լիբանանեան իշխանութեան կոչ ուղղեց ազգային միասնականութեան ծիրին մէջ գործակցելու` իրագործելու համար ազգային սկզբունքները` Իսրայէլի լիբանանեան բոլոր հողերէն ամբողջական հեռացումը, յարձակումին վերջնական ու ամբողջական կերպով դադրեցումը, գերիներու ազատ արձակումը եւ բնակչութեան անմիջական եւ արժանապատիւ կերպով իրենց գիւղեր ու գիւղաքաղաքներ վերադարձը, առանց որեւէ սահմանափակումի, նախապայմանի եւ խոչընդոտներու վերաշինութիւնը:

Կուսակցութիւնը եզրափակեց նշելով. «Ազատագրումի, ազատութեան, ամբողջական անկախութեան արշալոյսը ուշ կամ կանուխ պիտի ծագի, եւ Լիբանան վերստին պիտի դառնայ գերիշխան, ազատ ու անկախ»:

Leave a Comment