«Էն. Պի. Էյ.». Սփըրզ Հասաւ Աւարտական. Տիթրոյիթ Փիսթընզ Կրցաւ 7-րդ Մրցում Պարտադրել

«Էն. Պի. Էյ.»-ի փլէյ օֆի հետաքրքրական մրցումները շարունակուեցան շաբաթավերջին, եւ այսօր առաւօտեան ժամերուն տեղի պիտի ունենայ Արեւելեան շրջանի կիսաւարտականի 7-րդ եւ ճակատագրական ճակատումը Տիթրոյիթի մէջ:

Արդարեւ, 6-րդ ճակատումին Տիթրոյիթ Փիսթընզ կրցաւ ղեկավարել Քլիվլենտ Քեվելիրզի դէմ մրցումը, հակառակ անոր որ մրցումը տեղի ունեցաւ Քլիվլենտի մէջ, եւ Տիթրոյիթ յաղթեց 115-94 արդիւնքով:

2 օրեր առաջ, Քլիվլենտ կրցած էր Տիթրոյիթի մէջ յաղթել յետ երկարաձգման (117-113), բայց չկրցաւ նոյն մակարդակը ցուցաբերել 6-րդ մրցումին:

Խումբերու տարբերութիւնը Տիթրոյիթի պահեստի մարզիկներն էին, որոնք դաշտ ներկայանալով խումբին մակարդակը պահեցին, մինչ Քլիվլենտի պարագային պատկերը նոյնը չէր:

22 տարեկան Ճէյլըն Տիւրըն 15 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց սենթըրի իր դիրքէն, մինչ Տենիս Ճենքինզ (15 կէտ), Քէյտ Քանինկհեմ (21 կէտ), Օսար Թոմսըն (10 կէտ 9 ռիպաունտ) եւ Թոպիաս Հերիս բաւական կայուն ելոյթ ունեցան: Պահեստի մարզիկներ Փոլ Ռիտ (17 կէտ) եւ Տանքըն Ռոպինսըն (14 կէտ) մեծ դեր ունեցան խումբին մակարդակը պահելու:

Քլիվլենտէն միայն փայլեցան Ճէյմս Հարտըն (23 կէտ) եւ Ճերըթ Էլըն (13 կէտ եւ 8 ռիպաունտ), մինչ Տոնավըն Միչել (18 կէտ), Էվըն Մոպլի (18 կէտ) եւ Տին Ուէյտ (3 կէտ) հեռու էին իրենց իսկական մակարդակէն:

Աւելի՛ն` պահեստի մարզիկներն ալ լաւ օրերու մէջ չէին:

Արեւմտեան շրջանի աւարտականի մրցումները պիտի սկսին վաղը առաւօտեան ժամերուն, ուր այս տարուան լաւագոյն խումբերէն Սան Անթոնիօ Սփըրզ պիտի մրցի անցեալ տարուան ախոյեան Օքլահոմա Սիթի Թանտըրին դէմ:

Երկու խումբերուն մակարդակներն ալ շատ լաւ են այս տարի, եւ նկատի ունենալով, որ բարձրագոյն դասուած խումբերն էին բնական տարեշրջանին, կը սպասուի, որ ծայր աստիճան հետաքրքրական ճակատում մը կրնայ ըլլալ 7-րդ մրցումը:

Իր վերջին մրցումին, Սան Անթոնիօ Սփըրզ 139-109 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրած էր Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզի վրայ:

 

Leave a Comment