Պուլկարիոյ մէջ կը շարունակուի ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի մինչեւ 17 տարեկաններու ախոյեանութիւնը:
55 քկ կշիռի Եւրոպայի ախոյեան դարձաւ Սուրէն Իշխանեան` բարձր մակարդակի ելոյթներ ունենալէ ետք եւ յաղթելով իր 4 մրցակիցներուն:
Իշխանեան իր առաջին մրցումին 10-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնած էր ֆրանսացի Իսա Շուրայեւը, ապա քառորդ աւարտականին 15-4 արդիւնքով յաղթած Քիրիլ Շումէյքոյին (Հունգարիա):
Կիսաւարտականին հայ ըմբիշը իր դէմ ունէր Ազրպէյճանի ներկայացուցիչ Ապպաս Շաֆիյեւը: Իշխանեան անգամ մը եւս հերոսացաւ եւ մրցումի աւարտէն կանուխ աւարտեց իր ջախջախիչ յաղթանակը (15-4):
Աւարտականին պատկերը գրեթէ նոյնն էր, եւ Սուրէն Իշխանեան անգամ մը եւս կանուխ յաղթանակ տօնեց իր ռուս մրցակից Օսման Թեմերսուլթանովի դէմ (8-2)` դառնալով Եւրոպայի ախոյեան: