Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ընդունեց Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպան Եոքոթա Քինժին:
Պայրագտարեան դեսպանին հետ քննարկեց երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ նախարարութեան մշակած ծրագիրներուն Ճափոնի կողմէ աջակցութեան կարելիութիւնը:
Ճափոնի դեսպանը երկու կողմերուն միջեւ կիրարկելի ծրագիրներու շուրջ գաղափարներու փոխանակման ծիրին մէջ գործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնեց:
Նախարարն ու դեսպանը խորհրդակցեցան հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը նիւթերու շուրջ:
Դեսպան Քինժի նախարար Պայրագտարեանին յանձնեց ճափոնական ժառանգութենէն նուէր մը: Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց անոր այս նախաձեռնութեան համար: