Ուաշինկթըն. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Բանակցութիւնները Խոչընդոտելու Նպատակով Հըզպալլայի Յարձակումներուն Ներկայացուցած Մարտահրաւէրին Կը Գիտակցինք»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Ամերիկան պիտի շարունակէ քաղաքական եւ ապահովական հոլովոյթներուն մէջ Լիբանանի եւ Իսրայէլի յառաջընթացին մէջ անոնց աջակցիլ»:

«Կ՛ողջունենք Լիբանանի եւ Իսրայէլի կառավարութիւններուն յանձնառութեան, հակառակ շարունակուող մարտահրաւէրներուն երկարատեւ լուծում որոնելու», նշեց նախարարութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելցուց. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ բանակցութիւնները խոչընդոտելու նպատակով Հըզպալլայի յարձակումներուն ներկայացուցած մարտահրաւէրներուն կը գիտակցինք»:

Leave a Comment