Մուսաուի. «Իշխանութիւնները Պէտք Է Դադրեցնեն Իրենց Շեղումն Ու Թշնամիին Առջեւ Զիջումները»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Իպրահիմ Մուսաուի նշեց. «Լիբանանի բոլոր համայնքներէն եղող պատուաւոր ու ազատ հայրենասէրները 17 մայիսին տապալեցին նուաստացումի եւ ամօթի համաձայնութիւնը»:

«Իշխանութիւնները պէտք է անկէ դաս քաղեն եւ դադրեցնեն իրենց շեղումն ու թշնամիին առջեւ իրենց զիջումները, որովհետեւ ան, որ անցեալին ամօթի համաձայնութիւնը տապալեց, որեւէ ատեն դաւաճանական որեւէ համաձայնութիւն պիտի տապալէ», նշեց երեսփոխանը:

«Որքա՜ն շատ դասեր կան, եւ որքա՜ն անոնց քիչ ուշադրութիւն կը դարձուի», աւելցուց Մուսաուի:

 

Leave a Comment