Ատիկա, ի հարկէ, տխուր պիտի ըլլար, որովհետեւ ասիկա լաւ կարելիութիւն է քննարկելու այն բաները, որոնք օդէն կախուած են: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Նիւ Տելհիի մէջ ՊՐԻՔՍ-ի նախարարական հանդիպումի մասնակցութեան նուիրուած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ` Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ԵԱՏՄ-ի ղեկավարներու հանդիպումին չմասնակցելու լուրերուն անդրադառնալով յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
«Ճիշդ է, ես լսած եմ, որ վարչապետ Փաշինեան յիշատակած է, որ ինք նախընտրական գործերով զբաղած է եւ պիտի չկարենայ մեկնիլ Եւրասիական տնտեսական միութեան ղեկավարներու այդ հանդիպումին: Ատիկա, ի հարկէ, տխուր պիտի ըլլար, որովհետեւ ասիկա լաւ կարելիութիւն է քննարկելու այն բաները, որոնք օդէն կախուած են», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը:
Լաւրով նշած է, որ ԵԱՏՄ-ի անդամ երկիրները մայիսին տեղի ունենալիք միաւորման վեհաժողովին պիտի կարենան քննարկել Հայաստանին Արեւմուտքի ազդեցութեան գօտի ներքաշելու փորձերու առնչուած հարցերը:
«Այժմ, կը կարծեմ, առաւելագոյն կարելիութիւն պիտի ըլլայ քննարկելու այն խնդիրները, որոնք կը յառաջանան այն պատճառով, որ Եւրոպական Միութիւնը կը պնդէ Հայաստանը իր ազդեցութեան գօտի ներքաշելու հարցին վրայ, ներառեալ վտանգի ենթարկելու գնով այն արտօնութիւնները, զորս Հայաստանը ունի Եւրասիական տնտեսական միութեան գծով: Այս բոլոր հարցերը ազնիւ եւ անկեղծ քննարկելու կարելիութիւնը պիտի յայտնուի մայիսի վերջաւորութեան, շաբթուան վերջին, երբ Ղազախստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդը` վեհաժողովը», ըսած է Լաւրով:
«Մենք Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ ունինք, այդ յարաբերութիւնները մտերիմ են, դաշնակցային, սակայն միեւնոյն ժամանակ բարդ` հաշուի առնելով այն, թէ Արեւմուտքը ինչպէ՛ս կը փորձէ Հայաստանը, Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) որոշ այլ անդամներէն ետք, կրկին տիրել, խզել Հայաստանի թէ՛ փոխշահաւէտ տնտեսական ու առեւտրական, թէ՛ ներդրումային կապերը ԱՊՀ-ի եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան իր գործընկերներուն հետ», ըսած է ռուսական դիւանագիտութեան պետը: