Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ամմար յայտնեց. «Մենք իշխանութիւններուն իսրայէլացի թշնամիին հետ կատարած ուղղակի բանակցութիւններուն դէմ ենք, որովհետեւ անոնք անոր ճանաչում կը տրամադրեն եւ ձրի զիջում մը, որ այս երկրի արժանապատուութեան եւ գերիշխանութեան չի պատշաճիր»:
Ան խօսքը իշխանութիւններուն ուղղելով ըսաւ. «Եկէ՛ք մէկ խօսքի շուրջ համախմբուինք, որպէսզի գերիշխան, ազատ, արժանապատիւ եւ բարգաւաճման հայրենիք կառուցենք, եւ մարդոց վերադարձնենք ուրախութիւնը, երբ ձեր քաղաքականութիւնը այս մարդոց յոռետեսութիւն, թշուառութիւն եւ յուսահատութիւն ներշնչեց»:
Ան նշեց. «Լիբանանի մէջ իշխանութիւնը պետութենէն ամբողջովին տարբեր է, որովհետեւ պետութիւնը բոլորիս է, եւ անիկա կազմուած է հաստատութիւններէ, իսկ այս օրերուն Լիբանանի մէջ իշխող իշխանութիւնը Միացեալ Նահանգներուն իր հաւատարմագիրները յանձնած առաջին օրը իր հաւաստիութիւնը կորսնցուց: Եւ ան, որ այդ մէկը կը կատարէ, միայն գերիշխանութեան, հայրենասիրութեան ու վարկի յաւելեալ նուազում պիտի ստանայ»: