Քիեւն ու Ուաշինկթընը կը պատրաստուին ստորագրել համաձայնագիր մը, որ պիտի արտօնէ ուքրանական անօդաչու թռչող սարքեր Միացեալ Նահանգներ արտածել` զինուորական փորձարկումներու համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Վետոմոսթի»-ն` յղում կատարելով «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին:
Նախագիծը կը նախատեսէ ուքրանական անօդաչու համակարգերու ժամանակաւոր արտածում` ցամաքային, ծովային եւ օդային գործողութիւններու համար:
Կը նախատեսուի զանոնք Միացեալ Նահանգներու մէջ օգտագործել փորձարկումներու եւ գնահատման, ինչպէս նաեւ ամերիկեան բանակի ապագայ պահանջներու ձեւաւորման համար: Միեւնոյն ժամանակ, օրաթերթը կը նշէ, որ համաձայնագիրը չի նախատեսեր իրաւաբանօրէն պարտադիր մատակարարումներ, ֆինանսաւորում կամ ճարտարագիտութիւններու փոխանցում:
«Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ի տեղեկութիւններով` համաձայնագիրը կ՛արտացոլացնէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմի աճող հետաքրքրութիւնը ուքրանական զինուորական ճարտարագիտութիւններուն նկատմամբ, որոնք աշխուժօրէն զարգացած են Ռուսիոյ հետ հակամարտութեան ընթացքին:
Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարար Փիթ Հեկսեթ յայտարարած է, որ ամերիկացի զինուորականները կ՛ուսումնասիրեն Ուքրանիոյ մէջ անօդաչու թռչող սարքերու կիրարկումով մարտական գործողութիւններու փորձառութիւնը:
«Բազմաթիւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ այնտեղ եղած են, եւ մենք հսկայական ծաւալի տեղեկատուուութիւն ստացած ենք: Իրականութեան մէջ ես անձամբ հաստատած եմ այնտեղ լրացուցիչ անձնակազմի ներկայութիւնը, որպէսզի այդ մարտերէն սորվինք` անօդաչու թռչող սարքերու կիրարկումով պաշտպանութենէն եւ յարձակումէն», ըսած է Հեկսեթ:
Անոր համաձայն, Միացեալ Նահանգներ բոլոր կարելի դասերը կը քաղէ ուքրանական հակամարտութենէն եւ ստացուած գիտելիքները կը ներդնէ սեփական զինուորական համակարգին մէջ:
Մարտին բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ը գրած էր, որ Քիեւ բանակցութիւններ կը վարէ Ուաշինկթընի եւ Միջին Արեւելքի շարք մը պետութիւններու հետ` Ռուսիոյ հետ հակամարտութեան ընթացքին մշակուած անօդաչու թռչող սարքերու յայտնաբերման եւ զանոնք որսալու ճարտարագիտութիւններու փոխանցման շուրջ:u