«Ուաշինկթընի Հետ Մինչեւ Հիմա Համաձայնութիւն Չկայ» Կ՛ըսէ Կրինլանտի Վարչապետը

Կրինլանտի վարչապետ Ենս Ֆրետերիք Նիլսըն յայտարարեց, թէ Քոփենհակընի, Նուքի եւ Ուաշինկթընի միջեւ դանիական ինքնավար մարզին շուրջ բանակցութիւնները յառաջընթաց կ՛արձանագրեն, սակայն տակաւին համաձայնութիւն չէ գոյացած:

Կրինլանտի վարչապետը Քոփենհակընի ժողովրդավարութեան վեհաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ. «Մենք կը բանակցինք, սակայն համաձայնութեան չհասանք»:

Ան վեհաժողովէն ետք ալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց, որ Կրինլանտը Միացեալ Նահանգներուն հետ ունի պաշտպանական համաձայնութիւն մը, որ վերջիններուս իրողապէս կ՛արտօնէ յաւելեալ ռազմակայաններ ստեղծել, եթէ այդ մէկը փափաքին:

«Չեմ կրնար բանակցութիւններուն վերաբերեալ որոշակի մանրամասնութիւններ յայտնել, սակայն պատրաստ ենք աւելին ընելու եւ աւելի մեծ պատասխանատուութիւն ստանձնելու», ըսաւ Նիլսըն` աւելցնելով. «Մեր միակ պահանջը յարգանքն է»:

Leave a Comment