Այսօր առաւօտեան երկար հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցայ Ճարետ Քուշների եւ Սթիւ Ուիթքոֆի, ինչպէս նաեւ արաբական աշխարհի մեր շարք մը ընկերներուն հետ: Այս մասին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի.Վանս` խօսելով Իրանի մասին:
«Հիմնական հարցը այն է, թէ արդեօք մենք բաւարար յառաջընթաց կ՛արձանագրե՞նք նախագահի կարմիր գիծին հասնելու համար: Եւ այդ կարմիր գիծը շատ յստակ է: Ան պէտք է վստահ ըլլայ, որ մենք շարք մը պաշտպանիչ քայլերու ձեռնարկած ենք` ապահովելու համար, որ Իրան երբեք հիւլէական զէնք ձեռք չձգէ», նշեց Վանս:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի իրանեան «Փրես Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Հորմուզի նեղուցը բաց է առեւտրական բոլոր նաւերու անցման համար, եթէ անոնք համագործակցին Իրանի ծովուժին հետ:
«Մեր տեսանկիւնէն` Հորմուզի նեղուցը բաց է բոլոր առեւտրական նաւերուն համար, սակայն անոնք պէտք է մեր ծովուժին հետ գործակցին», ըսաւ Արաղչի:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի Հնդկաստանի մէջ ՊՐԻՔՍ-ի վեհաժողովի ընթացքին նշեց. «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները այս յարձակումին գործօն մասնակից են, եւ ատոր շուրջ կասկած չկայ: Նաեւ յստակ դարձաւ, որ անիկա այս յարձակումներուն մասնակցեցաւ, եւ թերեւս կրնայ մեր դէմ ուղղակի կերպով գործած ըլլալ»: