Նեթանիահու Կ՛ուզէ Աստիճանաբար Դադրեցնել Իսրայէլին Միացեալ Նահանգներու Զինուորական Աջակցութիւնը

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարած է, որ յոյս ունի յառաջիկայ տասնամեակին աստիճանաբար դադրեցնել Իսրայէլին ամերիկեան զինուորական աջակցութիւնը, որովհետեւ կը փորձեն ամրապնդել Ծոցի պետութիւններուն հետ յարաբերութիւնները:

«Կ՛ուզեմ ամերիկեան ֆինանսական աջակցութիւնը, մեր զինուորական համագործակցութեան ֆինանսական բաղադրիչը հասցնել զերոյի», ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Նեթանիահու:

Ան մանրամասնած է, որ Միացեալ Նահանգները տարեկան շուրջ 3,8 միլիառ տոլարի զինուորական օգնութիւն կը տրամադրէ Իսրայէլին: Ուաշինկթըն համաձայնած է 2018-2028 տասնամեակի համար Իսրայէլին ընդհանուր 38 միլիառ տոլար արժողութեամբ զինուորական օգնութիւն տրամադրելու:

Բայց եւ այնպէս, Նեթանիահու ընդգծած է, որ «ճիշդ ժամանակն է» վերատեսութեան ենթարկելու Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ ելեւմտական համագործակցութիւնը:

Leave a Comment