Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս մերժած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի առաջարկը, ըստ որուն, Գերմանիոյ նախկին վարչապետ Կերհարտ Շրէօյտըրը կրնար Եւրոպան ներկայացնել Մոսկուայի հետ եւրոպական անվտանգութեան հարցերով հաւանական բանակցութիւններուն մէջ:
«Եթէ Ռուսիոյ իրաւունք տանք մեր անունով բանակցող նշանակել, ատիկա, գիտէք, այնքան ալ խելամիտ չէր ըլլար», ըսած է Քալլաս:
Ան նաեւ նշած է, որ Շրէօյտըր նախապէս լոպիինկ կատարած է ռուսական պետական ընկերութիւններու օգտին, ուստի նման պարագայի ան «սեղանի երկու կողմին վրայ պիտի ըլլար»:
Բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը, յղում կատարելով եւրոպացի բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը, գրած էր, թէ Եւրոպական Միութեան ղեկավարները կը պատրաստուին Ռուսիոյ նախագահին հետ հաւանական բանակցութիւններու:
Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիու Քոշթա յայտարարած էր, որ Եւրոպական Միութիւնը ունի Փութինի հետ բանակցելու «ներուժ», եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի այդ հարցին մէջ միութեան կ՛աջակցի:
Ուքրանիա եւս մերժեց Գերմանիոյ նախկին վարչապետը եւրոպական միջնորդ դարձնելու Ռուսիոյ նախագահին առաջարկը:
«Մենք կտրուկ կերպով չենք աջակցիր ատոր, կան բազմաթիւ արժանի ղեկավարներ», Պրիւքսելի մէջ յայտարարեց Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անտրէյ Սիպիհա: