Փութին Իրանի Հարստացուած Իւրանիոմի Հարցին Մէջ Թրամփին Օգնել Առաջարկած Է

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ունեցած են հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որ 1,5 ժամ տեւած է: Այս մասին կը հաղորդէ Քրեմլին:

Թրամփ յայտարարած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ժամանակ քննարկած է Ուքրանիոյ հաւանական զինադադարը:

«Մենք լաւ զրոյց ունեցանք, ես անոր շատոնց կը ճանչնամ», Ձուաձեւ գրասենեակին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Թրամփ:

Սպիտակ տան ղեկավարը նշած է, որ Փութին առաջարկած է օգնել Իրանի հարստացուած իւրանիոմի հարցին մէջ, որ Իրանի հետ պատերազմը դադրեցնելու գործարքի հիմնական խոչընդոտն է, սակայն Թրամփ նշած է, թէ պիտի նախընտրէր, որ Քրեմլին նախ եւ առաջ կեդրոնանար Ուքրանիոյ պատերազմը դադրեցնելու վրայ:

«Ես ըսի` «Ես շատ աւելի պիտի նախընտրէի, որ դուն ներգրաւուած ըլլայիր Ուքրանիոյ հետ պատերազմի աւարտի գործին մէջ», ըսած է Թրամփ` ամփոփելով Փութինի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մանրամասնութիւնները:

«Ես ըսի` ինծի օգնելէն առաջ, ես կ՛ուզեմ ձեր պատերազմը աւարտել», աւելցուցած է Թրամփ:

Թրամփ չէ ներկայացուցած Փութինի` Իրանի հարցին մէջ օգնելու առաջարկին մանրամասնութիւնները, սակայն Քրեմլին նախապէս առաջարկած էր, որ կրնայ հարստացուած իւրանիոմը դուրս բերել Իրանէն` անվտանգութեան համար, առաջարկ մը, որ արեւմտեան ղեկավարներու մեծ մասը կտրուկ կերպով մերժած է:

Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով իր կարգին ալ նշած է, որ Ռուսիոյ նախագահը հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ներկայացուցած է Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ հակամարտութեան կարգաւորման գաղափարներ եւ առաջարկած Յաղթանակի օրուան ընթացքին Ուքրանիոյ մէջ ժամանակաւոր զինադադար հաստատել:

Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ետք Ուշաքով ըսած է, թէ Թրամփ կը կարծէ, որ Ուքրանիոյ հակամարտութեան կարգաւորման գործարքը մօտ է:

 

Leave a Comment