«Էն. Պի . Էյ.» Տոնավըն Միչել Երկու Մրցանիշ Հաստատեց Մէկ Մրցումի Ընթացքին. Լէյքըրզ Դուրս Մնաց 4-0 Արդիւնքով

«էն.Պի Էյ.»-ի փլէյ օֆի երէկուան մրցումները շատ հետաքրքրական էին: Արդարեւ, առաջին մրցումին, Քլիվլենտի մէջ (Օհայօ) Քեվիլերզ կիսախաղին ետ մնալէ ետք կրցաւ 3-րդ մասին 21 կէտի առաւելութիւն ունենալ Տիթրոյիթ Փիսթընզի վրայ եւ վերջին մասին դիմացաւ ու յաղթեց 112-103 արդիւնքով:

Քլիվլենտ Տիթրոյիթ մէջ 2 մրցումներ պարտուելէ ետք կրցաւ իր դաշտին վրայ տեղի ունեցած 2 մրցումներուն ալ յաղթելով հաւասարեցնել ճակատումներու արդիւնքը` 2-2:

Այս մրցումին աստղն էր Քլիվլենտի Կարտ Տոնավըն Միշել:

Արդարեւ, Միչել առաջին կիսախաղին միայն 4 կէտեր նշանակելէ ետք, ինչ որ վատ մրցանիշ մըն էր Քլիվլենտի հետ իր ասպարէզին ընթացքին (2022-էն), կրցաւ 39 կէտ նշանակել վերջին 2 մասերուն (24 վայրկեաններու ընթացքին)` մրցանիշ մը հաստատելով:

Ճէյմս Հարտըն իր ասպարէզի 40-րդ փլէյ օֆի տապըլ-տապըլը ձեռք ձգեց` նշանակելով 24 կէտ եւ 11 էսիսթ, մինչ Էվըն Մոպլի 17 կէտ, 5 պլոք եւ 3 սթիլ ձեռք ձգեց, Քլիվլենտ անյաղթ պահելով փլէյ օֆի 6 մրցումներուն իր դաշտին վրայ:

Օրուան երկրորդ մրցումին, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ լաւ ձեւով սկսելէ ետք անցեալ տարուան ախոյեան Օքլահոմա Սիթի Թանտըրի դէմ մրցումը, պարտութիւն կրեց վերջին վայրկեաններուն (115-110) եւ դուրս մնաց ճակատումներու 4-0 արդիւնքով:

Կրնանք ըսել, որ ասիկա ամէնէն «մօտ» մրցումն էր բաղդատմամբ առաջին երեք մրցումներուն, ուր Լէյքըրզ նուազագոյնը 18 կէտերով պարտուած էր:

Վերջին անգամ 5 կէտով կը յաղթէր Լէյքըրզ վերջին մասի 3-րդ վայրկեանին (92-87), որմէ ետք Օքլահոմա մինչեւ 6 կէտերու հասցուց իր առաւելութիւնը (103-109), ապա Լէյքըրզ փորձ մը եւս կատարեց 110-109 արդիւնքով յառաջանալով, բայց Օքլահոմա նշանակեց վերջին 6 կէտերը եւ յաղթեց (115-110):

Քանատացի Շէյ Կիլճիըս-Ալեքսանտր 35 կէտ նշանակեց, իսկ Էճէյ Միչել 28 կէտ աւելցուց Օքլահոմայի հաշուոյն:

Օսթըն Ռիվզ (27 կէտ), Ռուի Հաշիմուրա (25 կէտ) եւ Լըպրոն Ճէյմս (24 կէտ եւ 12 ռիպաունտ) փորձեցին իրենց կարելին տալ, բայց սլովենիացի Լուքա Տոնչիչի բացակայութիւնը յստակ էր:

Leave a Comment