Չելսի կը փորձէ համոզել եւ նշանակել նոր մարզիչ մը: Սպանացի մասնագէտ Չապի Ալոնսօ լուրջ թեկնածու է, բայց տակաւին բան մը որոշուած չէ, եւ Լիամ Ռոսենիորը փոխարինող մարզիչի անունը տակաւին անծանօթ կը մնայ, մանաւանդ որ Պորնմաութի մարզիչ Անթոնի Իրաոլա իր կարգին լուրջ թեկնածու է:
Անցեալ 12 յունուարէն, Ալոնսօ անգործ է` պայմանագրութիւնը խզելէ ետք Ռէալ Մատրիտի հետ, ուր պահեստի խումբի մարզիչ Ալվարօ Արպելոա զինք փոխարինած էր:
Ալոնսօ միայն 7 ամիսներ բոլորած էր Ռէալ Մատրիտի իր 3 տարուան պայմանագրութենէն, յաջորդելէ ետք Քարլօ Անջելոթթիին, Պայեր Լեւերքուզընի հետ «Պունտըսլիկա»-ն շահելէ ետք 2023-2024 տարեշրջանին:
Ըստ կարգ մը շշուկներու, Ալոնսոյի եւ Իրաոլայի կողքին Չելսիի թեկնածուներու կարգին կը գտնուի Ֆուլհամի Մարքօ Սիլվան:
Նախկին միջնապահ Ալոնսօ (44 տարեկան) 5 տարի խաղցած է Ռէալ Մատրիտի հետ` 2009-էն 2014, աւելի կանուխ 5 տարի խաղալէ ետք Լիվըրփուլի հետ:
Ալոնսօ աւելի մօտ կը թուէր Լիվըրփուլին, բայց այս վերջինս ըստ երեւոյթին տարեշրջան մը եւս պիտի բոլորէ Լիոնէ Սլոթի հետ, բան մը, որ առիթ կրնայ տալ Չելսիին, որ ձեռք ձգէ սպանացի մասնագէտը: Ռէալի հետ շատ յաջող ելոյթ չունենալով հանդերձ, Ալոնսօ կը նկատուի շատ լաւ թաքթիքով մարզիչ մը, որ իր 3-4 – 2-1 խաղաոճով շատ գեղեցիկ եւ արդիւնաւէտ ֆութպոլ կը կիրարկէր Պայեր Լեւերքուզընի հետ:
Թուղթի վրայ Չելսի շատ յարմար մարզիկներ ունի յաջողելու համար Ալոնսոյի հետ, եւ լոնտոնեան ակումբը կը մտածէ շատ մեծ իրաւասութիւններ վստահիլ Ալոնսոյի որպէսզի ան կասկած չունենայ եւ համոզուի միանալու Չելսիին:
Չելսի ոչ միայն ակումբի մարզիչ կրնայ ըլլալ, այլ նաեւ նորեկ մարզիկներ ընտրելու իրաւասութիւն, ինչպէս նաեւ որեւէ դիրքի վրայ, որեւէ փոփոխութիւն կատարելու իրաւունք կրնայ ունենալ: