Ա. Էս. Ռոմայի արժանթինցի յառաջապահ Փաուլօ Տիպալա անկեղծօրէն խօսած է իր ապագային եւ հռոմէական ակումբէն հեռանալու հաւանականութեան մասին:
«Սքայ Սփորթց»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, ան յայտնեց, որ ակումբի ղեկավարութիւնը իրեն նոր պայմանագրութիւն չէ առաջարկած:
«Պայմանագիրիս համաձայն, յաջորդ հանդիպումը պիտի ըլլայ իմ վերջինս` Ռոմայի հետ: Պայմանագիրս կ՛աւարտի յունիսին, եւ ակումբէն ոչ ոք հետս կապ հաստատեց» պատմեց Տիպալա:
Նշենք, որ Տիպալա ծունկի յօդի բորբոքումի պատճառով կը բացակայի կանաչ դաշտերէն 25 յունուարէն ի վեր: Ան մէկ ամիսէ աւելի լուրջ բուժումի ենթարկուեցաւ, ներառեալ` ասեղնաբուժութիւն, սակայն այդ բոլոր բուժումները սպասուած արդիւնքը չտուին:
Այս տարեշրջանին արժանթինցի յառաջապահը ընդամէնը 21 ելոյթ ունեցաւ, 3 կոլ նշանակեց եւ 3 էսիսթ կատարեց:
Աւելի կանուխ, կարգ մը լրատուամիջոցներ յայտնած էին, որ Տիպալա ամրան կրնայ վերադառնալ հայրենիք` միանալու Պոքա Ժունիորզին:
Նշենք, որ Տիպալա սկսելէ ետք իր ասպարէզը Արժանթինի Ինսթիթութօ ակումբին հետ 18 տարեկանին միացած էր Փալերմոյին (Իտալիա), ապա 7 տարի խաղցած Եուվենթուսի հետ (2015-2022)` կատարելով 210 մրցում նշանակելով 82 կոլ: 2022-էն մինչեւ այս տարուան յունուար ամիսը ան 97 ելոյթ ունեցաւ Ռոմայի հետ` նշանակելով 33 կոլ:
Ան Արժանթինի ազգային խումբին հետ 40 ելոյթներ ունեցած է` նշանակելով 4 կոլ: