Սթարմըր. «Բրիտանիան Եւրոպայի Սրտին Մէջ Պիտի Դնենք»

Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր հինգշաբթի օր տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութեանց մէջ Աշխատաւորական կուսակցութեան կրած պարտութենէն ետք, երէկ իր քաղաքական ապագային համար մեծ կարեւորութիւն ունեցող ճառի մը ընթացքին խոստացաւ «Բրիտանիան Եւրոպայի սրտին մէջ դնել»:

Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալուն` «Պրեքզիթ»-ի շուրջ հանրաքուէէն շուրջ տասը տարի ետք Բրիտանիոյ վարչապետը յայտնեց. «Աշխատաւորական կուսակցութեան այս կառավարութիւնը պիտի շարունակէ յանձնառու մնալ Եւրոպայի հետ մեր յարաբերութիւններու կառուցման եւ Բրիտանիան Եւրոպայի սրտին մէջ դնելուն»:

Leave a Comment