Բրիտանիան ու Ֆրանսան այսօր կը հիւրընկալեն աւելի քան 40 պաշտպանութեան նախարարներու Հորմուզի նեղուցի ճամբով բեռնափոխադրութեան վերականգնման յատկացուած ժողով մը: Այս մասին հաղորդեց ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը` մէջբերելով բրիտանական կառավարութիւնը:
Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի. «Պաշտպանութեան նախարար Ճոն Հիլի եւ անոր ֆրանսացի պաշտօնակից Քաթրին Վոթրան պիտի գլխաւորեն աւելի քան 40 պետութիւններու ժողով մը, որ բազմազգեան առաքելութեան ծիրին մէջ պաշտպանութեան նախարարներու առաջին ժողովն է»:
Ժամեր առաջ Թեհրան Լոնտոնն ու Փարիզը զգուշացուցած էր շրջանին մէջ մարտանաւեր տեղակայելու հետեւանքներէն: