«Ռաֆ» ըմբշամարտի միութիւնը յայտարարեց, թէ նոր պայմանագիրներ կնքած է միջազգային աստղերու հետ, որոնց շարքին է Արսէն Յարութիւնեան:
Ազատ ոճի ըմբշամարտի լիկան ներկայացուց պայմանագիր ստորագրած մարզիկներու նոր խումբ մը, որոնց կարգին համաշխարհային մակարդակի աստղեր կան Արսէնի նման:
Յարութիւնեան Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի լաւագոյն մարզիկներէն մէկն է: Ան 4 անգամ Եւրոպայի ախոյեան է եւ աշխարհի ախոյեանութիւններու բազմակի մետալակիր, ինչպէս նաեւ մինչեւ 23 տարեկաններու աշխարհի ախոյեան (2 անգամ):
Բացի Յարութիւնեանէն, լիկան յայտարարեց տարբեր երկիրներէ յայտնի ըմբիշներու եւ մարտիկներու հետ պայմանագրութեան մասին: Անոնց կարգին է նաեւ Ազրպէյճանը ներկայացնող աշխարհի ախոյեան (3 անգամ) Հաճի Ալիեւ, Փարիզի 2024-ի ողիմպիականի ոսկի մետալակիր Մակոմետ Ռամազանով եւ պրոնզէ մետալակիր Տաուրեն Կուրուկլիեւ, ինչպէս նաեւ խըրխըզ մարզիկ Էռնազար Ակմատալիեւ, որ աշխարհի ախոյեանութիւններուն երեք մետալ ունի: